Նոր Զելանտիայի Մէջ Հայ Դատի Յանձնախումբի Աշխատանքները Սկսած են

Նոր Զելանտիայի մէջ Հայ Դատի յանձնախումբի աշխատանքները սկսած են: Այս մասին կը յայտնէ Հայ Դատի կեդրոնական խորհուրդը:

Նոր Զելանտիայի Հայ Դատի յանձնախումբին նպատակը պիտի ըլլայ բարձրացնել Հայոց Ցեղասպանութեան մասին իրազեկուածութեան մակարդակը: Նոր ձեւաւորուած յանձնախումբին ղեկավարն է Հուրի Ելտըզեան:

«Մեր առաջնային նպատակներն են Նոր Զելանտիայի եւ Հայաստանի միջեւ աւելի սերտ մշակութային եւ առեւտրային կապերու հաստատումը, Նոր Զելանտիայի մէջ հայկական համայնքի շահերու պաշտպանութիւնը, Նոր Զելանտիայի կառավարութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Արցախի անկախութեան ճանաչման հասնիլը»,- ըսած է Ելտըզեան:

Scroll Up