Կեանքէն Հեռացած Է Իրաքահայ Յայտնի Հայ Երաժիշտ Նուպար Փշտիկեանը

Իրաքահայ Յայտնի Հայ Երաժիշտ Նուպար Փշտիկեանի Մահով՝ Իրաքի Ազգային Սիմֆոնիք Նուագախումբը Կը Կորսնցնէ իր Հիմնադիրներէն Մէկը:

60 տարի առաջ Նուպար Փշտիկեան իր մասնակցութիւնը բերած է Իրաքի ազգային սիմֆոնիք նուագախումբի հիմնադրման գործին մէջ: Այս մասին «Քիթապաթ» կայքին մէջ գրած է Ալի Ապտ Ալ Ամիր, որ Փշտիկեանի մահով Իրաքի ազգային սիմֆոնիք նուագախումբը մեծ կորուստ արձանագրեց:

Իրաքահայ ջութակահար Նուպար Փշտիկեան մեծ նպաստ ունեցած է 1948 թուականին «Պաղտատի ֆիլհարմոնիք միութեան» հիմնադրութեան գործին մէջ, որ աւելի ուշ՝ 1959 թուականին, նախագահ Ապտ Ալ Քարիմ Քասէմի օրօք պետականացուելով դարձած է ազգային սիմֆոնիք նուագախումբ:

Scroll Up