Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի «Սփիւռքահայ Կեանքեր` Ինչպէս Որ Տեսայ» Գիրքին Շնորհահանդէսը

Ազդակ- 29 յունիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի «Սփիւռքահայ կեանքեր` ինչպէս որ տեսայ» գիրքին շնորհահանդէսը` հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սիլվի Աբէլեան: Ան ըսաւ, թէ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանը գրեթէ մնայուն ներկայութիւն մըն է գաղութին մէջ, ուր հաւատարմօրէն կը վերադառնայ  նոյնիսկ երբ իր ասպարէզին թելադրանքով  ստիպուի շատ յաճախ բացակայիլ` հասնելով մեր մոլորակի քիչ մը բոլոր անկիւնները` իբրեւ «Աստուածաշնչական ընկերութեան»  գործուն քարտուղարներէն մէկը: Միւս կողմէ, ան մնայուն ներկայութիւն մըն է նաեւ սփիւռքահայ մամուլի էջերուն, յատկապէս «Ազդակ»-ին, ուր հաճոյքով կարելի է կարդալ իր ճամբորդական հանդիպումներէն բխող տպաւորութիւնները, որոնք թուղթին կը յանձնուին  այնքան կիրթ հայերէնով մը, կոկիկ շարադրութեամբ մը եւ միշտ հետաքրքրող ու առինքնող բովանդակութեամբ, ուր հարազատօրէն, առանց որեւէ բռնազբօսիկ  ճիգի  կը միաձուլուին  հայ ազգայինը, հայ քրիստոնեան եւ հայ մարդը:

Խօսք առաւ «Ազդակ»-ի գլխաւոր խմբագիր եւ տնօրէն Շահան Գանտահարեան: Ան ըսաւ, որ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի բոլոր պատումները կը վերաբերին սփիւռքին, սփիւռքահայ կեանքերուն. անոնք կեանքեր են` ապրուած ու ապրող կեանքեր, որոնք կը բնութագրեն պատմութեան ճակատագրորոշ իրադարձութիւններուն ձգած ազդեցութիւնր տարբեր սերունդներու վրայ, ինչպէս մարդկային, այնպէս նաեւ ազգային կերտուածքներուն վրայ: Տագնապներ, ձգտումներ, հայկականութիւնը պահելու ապրումներ, ճիգեր, մտահոգութիւններ, անձկութիւններ եւ մանաւանդ յոյսեր: Անոնք բոլորն ալ ներկայացուած են ո՛չ միայն իբրեւ պատումներ կամ պատմուածքներ, այլեւ այս անգամ խորագիրին երկրորդ մասը նկատի ունենալով ` ինչպէս որ Հրայր Ճէպէճեան ընկալած է զանոնք:

Շ. Գանտահարեան ըսաւ, թէ Հրայր Ճէպէճեանի ներկայացուցած հայկական ընդլայնուած աշխարհագրութեան մէջ տարածուած հայու կերպարները «Հայաստանը մեզի համար տուն է» յայտարարելով կ՛ընդգծեն անկախ պետականութեան գոյութեան սփիւռքահայուն վրայ ունեցած ազդեցութիւնը եւ նորովի ըմբռնումը` ազգային, հայրենական եւ քաղաքացիական պատկանելիութեան:

Խօսք առաւ Խաչիկ Տէտէեան: Ան ըսաւ, թէ Հրայր Ճէպէճեան իր ճանապարհորդութիւններուն, իր աշխատանքին բերումով չէ հետաքրքրուած երկրային հաճոյքներով եւ վայելքով, այլ այդ ճանապարհորդութիւնները վերածած է մարդկային շփումներու, գաղափարներու եւ հարցերու քննարկման ու վերլուծման գործիքի մը, միջոցի մը, իր ծառայական կեանքին մէջ: Ճէպէճեան չի բաւարարուիր խօսելով ու քննարկելով,  այլ այդ հանդիպումներն ու փորձառութիւնը կը յանձնէ թուղթին, կը բաժնեկցի այլոց հետ, discourse-ի հարթակ մը ստեղծելու եւ անոր ընդմէջէն լռելեայն իր պատգամը եւ եզրակացութիւնը փոխանցելու:

Ան յայտնեց, որ Հրայր Ճէպէճեանի որոնումներուն կիզակէտը եւ առանցքը մարդն է: Փնտռել ու վեր հանել մարդկային գիծը մարդուն մէջ: Նախապաշարուած չէ իր համոզումներուն մէջ: Ան կ՛որսայ յոյսը, հայուն յոյսը, մարդ արարածին յոյսը, այսինքն` գոյատեւելու, վաղուան նայելու յոյսը` իւրաքանչիւր քաղաքի մէջ, ուր կ՛այցելէ, իւրաքանչիւր հայու, որ կը հանդիպի, այդ հայ մարդու անցեալէն եկող տառապանքին, ցաւին, պայքարին մէջէն վաղուան լոյսը փնտռելու եւ տեսնելու լաւատեսութիւնը կ՛ապրի եւ կ՛ապրեցնէ իր ճանապարհորդութիւններուն ընդմէջէն:

Այնուհետեւ խօսք առաւ Ահարոն Շխրտըմեան: Ան նշեց, որ Հրայր Ճէպէճեան իրական կեանքէ առնուած դրուագներով, ճշմարտութեան, արդարութեան, իրաւունքի եւ ազատութեան տեսանկիւնէն կը վերլուծէ սփիւռքահայուն ազգային, ընկերային, տնտեսական, մշակութային եւ հոգեւոր կեանքի տարբեր շերտեր: Ընթերցողին առջեւ յաճախ կը յայտնուի քամիին հետ ընկերութեան դատապարտուած մենաւոր ուռենին… Հայու ճակատագիր… Սակայն բարեբախտաբար Հրայր Ճէպէճեանին յօդուածները կ՛աւարտին անոր նկարագիրին հարազատ լաւատեսութեամբ:

Ան ըսաւ, որ Հրայր Ճէպէճեան սփիւռքը եւ Հայաստանը կ՛ապրի անոնց առօրեայ տագնապներով, տեսիլքներով, քարերով, ձեռագիրներով, աւանդութիւններով եւ յոյզերով: Ան լաւ ճանչցած է մեր ժողովուրդի պատմութիւնը: Պաշտամունքի հասնող սէր ունի Հայաստանի եւ սփիւռքի, հայ գիրին եւ մշակոյթին նկատմամբ: Անոր վերլուծումներուն մէջ նաեւ ներկայ է մեր եկեղեցւոյ աստուածաբանութիւնը, հաւատքը, ծէսը, մեր եկեղեցւոյ ամբողջ պատմութիւնը, որովհետեւ գիտէ, որ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ մշակոյթը, հաւատքը եւ եկեղեցին սերտօրէն ընդելուզուած են իրարու հետ:

Այնուհետեւ Իրմա Տէտէեան ապրումով ասմուքեց «Սերմնացանը» կտորը:

Խօսք առաւ հատորի խմբագիր դոկտ. Արտա Ճէպէճեան: Ան ըսաւ, թէ Հրայր Ճէպէճեանի իւրաքանչիւր յօդուածը փաստաթուղթ մըն է, որ կը հաստատէ ո՛չ միայն հայուն ներկայութիւնը աշխարհի հինգ ցամաքամասերուն վրայ, այլ նաեւ կը փաստէ հայուն գոյատեւելու պայքարը, ինքզինք գերազանցելու անխոնջ աշխատանքը, քրիստոնէական հաւատքը պահելու խանդը եւ ազգային դիմագիծը պահպանելու մարմաջը:

Ան ըսաւ. «Իբրեւ Հրայրին կինը եւ հրատարակութեան խմբագիրը, մեծ ուրախութիւն եւ հպարտութիւն է հոս գտնուիլ եւ միասնաբար տօնախմբել մեր հայկականութիւնը, մեր արժէքները, մեր լեզուն, պատմութիւնը, մեր աշխատասիրութիւնը»:

Խօսք առաւ հատորի հեղինակ դոկտ. Հրայր ճէպէճեան: Ան իր խօսքին սկիզբը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք ճիգ չխնայեցին շնորհահանդէսի կազմակերպման եւ գիրքի հրատարակման ու ներկայացման համար: Ան ըսաւ, թէ գիրքի կողքի նկարիչը Վարդան Թաշճեանն է: «Երբ կը ճամբորդեմ, սփիւռքի տարածքին գունաւոր հայ իրականութիւններ կը տեսնեմ. մեզի կը միացնէ ծառը, որ մեր հայկական ինքնութիւնն է, մենք այս ծառին շուրջ կը միանանք բոլորս ալ` մեր տարբերութիւններով հանդերձ», ըսաւ ան, ապա ներկայացուց պատառիկներ իր ճանապարհորդութիւններէն: Ան ըսաւ, որ բոլորին մէջ կը փնտռէ յոյսը, «Մենք հայապահպանումի մեծ պատերազմի մէջ ենք, իւրաքանչիւր գաղութ մէկ ճակատարամարտ է հայապահպանումի ընդհանուր մեծ պատերազմին մէջ»:

Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը: Ան ըսաւ, թէ հատորին պատմութիւնները միաւորող գաղափարներ ունին, մեր ժողովուրդին առնչուող մտահոգութիւններու գաղափարներ, որոնք կարմիր թելի նման կ՛անցնին հատորի բոլոր պատմութիւններով, որովհետեւ մարդկային ճակատագիրներ են, մարդկային կեանքեր` սփռուած իրենց լայն աշխարհագրութեամբ: Այս իրողութեան մէջ հայապահպանութեան առանցքային գաղափարը եւ նպատակը մշտապէս պիտի ըլլայ մեր լեզուի պահպանումը եւ սկիզբ հանդիսացող քրիստոնէական հաւատքի պահպանումը:

Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ եւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Ան յուշեր պատմեց իր եւ Հրայր Ճէպէճեանի համալսարանական տարիներէն եւ ըսաւ, թէ Ճէպէճեան միշտ ալ խիզախօրէն պաշտպանած է իր կարծիքը, բան մը, որ պատերազմի օրերուն դժուար էր: Այդ խիզախութիւնը զինք մղած է, որպէսզի աշխարհը ճանչնայ` Ասիայէն Լատին Ամերիկա, Ծոցի եւ արաբական երկիրներ քրիստոնէութիւն տարածելու: Հրայր Ճէպէճեան այն մարդն է, որուն համար կանխատրամադրութիւններ չկան: Ան իր սկզբունքները կը ներկայացնէ համոզելու բացառիկ կարողութեամբ, այնպէս ինչպէս կը տեսնէ: Ան հաճելի թուելու ճիգ չունի, հաւատացեալ է, բան մը, որ իրեն յաւելեալ ուժ կու տայ, որ իր գործը խիզախութեամբ ու կորովով շարունակէ առանց քծնելու: Ան յայտնեց, որ ինք Հրայր Ճէպէճեանին մէջ տեսած է այն հայը, որ իր հայութեամբ հպարտ է, այն հայը, որ ոգի ի բռին կ՛աշխատի հայը հայ պահելու համար: Ճէպէճեան իր ամբողջ ճամբորդութիւններուն ընթացքին հայու փնտռտուքը կատարած է, հայութեան պրպտումը կատարած է եւ յաջողած:

Եզրափակիչ խօսքով հանդէս եկաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ երկու ճշմարտութիւններ յայտնեց ներկաներուն. «Առաջին` Հրայրը չի կրնար խզուիլ Լիբանանէն ու լիբանանահայութենէն, երկրորդ` Հրայրը չի կրնար բաժնուիլ ու անջատուիլ իր բարեկամներէն, ապացոյցը մեր մէջ իր ներկայութիւնն է, որպէսզի մեզի հետ կիսէ իր երկրորդ հատորին ծնունդին առիթով իր ապրած ուրախութիւնը, որպէսզի մենք եւս այդ ուրախութեամբ, առաւել եւս ուռճանանք», եզրափակեց առաջնորդ սրբազան հայրը:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ գինեձօն, ապա դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան իր գիրքերը մակագրեց ներկաներուն:

Scroll Up