Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն Ընդունեց Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան Սրբոց Թարգմանչաց Վարժարանի Ուսուցիչները

Յունիս 19-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան Սրբոց Թարգմանչաց վարժարանի ուսուցիչները` առաջնորդութեամբ Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամ, վարժարանի տեսուչ Հոգեշնորհ Տ. Նորայր վարդապետ Գազազեանի:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգէն, հանդիպման Հայր Նորայրն Ամենայն Հայոց Հայրապետին ներկայացուց վարժարանի հայ եւ օտարազգի ուսուցիչներու այցի նպատակը, անդրադարձաւ վարժարանի գործունէութեան:  Այնուհետեւ Ամենայն Հայոց Հայրապետն իր գնահատանքը փոխանցեց վարժարանի ուսուցիչներուն` նշելով, որ երեխաները կրթելն ու դաստիարակելը մարդկային կեանքի օրհնեալ առաքելութիւններէն մէկն է: Նորին Սրբութիւնն ընդգծեց, որ Աստուծոյ պատուիրաններուն համաձայն սերունդներ կրթելը կը նշամակէ կերտել մարդկութեան համար լուսաւոր ապագայ` զերծ չարագործութիւններէ, անօրէնութիւններէ եւ բռնութիւններէ, ապագայ` լեցուն բարութեամբ, սիրով եւ խաղաղութեամբ:

Այս առիթով Հայոց Հայրապետը վարժարանի ուսուցչական անձնակազմին մաղթեց Աստուծոյ օգնականութիւնն ու առաջնորդութիւնը, որպէսզի իրենց սրբազան առաքելութեան մէջ ըլլան աներեր ու հաստատուն` արձանագրելով նորանոր յաջողութիւններ:

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հիւրերուն ներկայացուց նաեւ կրթութեան ոլորտին մէջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի կողմէ իրականացուող ծրագիրները` մասնաւորապէս անդրադառնալով Մայր Աթոռի հովանիի ներքոյ գործող հանրակրթական դպրոցներուն, նախակրթարանին եւ հայորդաց տուներուն:

Վեհափառ Հայրապետը հետաքրքուեցաւ Սրբոց Թարգմանչաց վարժարանի ուսումնական գործընթացով եւ աշակերտներու առօրեայով:

 

 

 

 

 

Scroll Up