Մեսրոպեանի STEM Ակումբը Տարին Փակեց Տպաւորիչ Արդիւնքներով

2018-ի Յունիս 9-ին տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի STEM ակումբի տարեշրջանի փակման հանդիսութիւնը, որուն ընթացքին ակումբին անդամները ներկայացուցին տարուան ընթացքին իրենց իրագործած մեքենաշինական լաւագոյն աշխատանքները:
Մրցոյթին ներկայացուեցան աւելի քան 40 աշխատանքներէ զատուած լաւագոյն 4 գործերը, որոնք ցուցանիշ հանդիսացան այն զարգացումին, որ Մեսրոպեանի աշակերտները արձանագրած էին ռոպոթիքսի մէջ` այս ծրագրի 2 տարուայ գործունէութեան արդիւնքով:
Հանդիսութեան բացումը կատարեց Մեսրոպեանի STEM ակումբի ղեկավար Ժաք Տարագճեան, որ կոչ ուղղեց ներկայ աշակերտներուն յաւելեալ աշխուժութեամբ մասնակցելու ակումբի գործունէութեան, թուելով այն բոլոր օգուտները, որ աշակերտները կրնան ստանալ անորմէ:
Խօսք առաւ Hands-on STEM կազմակերպութեան գործընկեր Kids Genius եւ The Makers’ Hub հաստատութիւններուն ներկայացուցիչը, որ մեծապէս գնահատեց Մեսրոպեանի աշակերտներուն արձանագրած յառաջընթացը ռոպոթիքսի գիտութեան մէջ, ինչպէս նաեւ տնօրէնութեան քաջալերանքը` վարժարանին մէջ այս մարզը զարգացնելուն ուղղուած: Ան վկայագիրներ յանձնեց լաւագոյն աշխատանքը իրագործած խմբակի 7 անդամներուն, ինչպէս նաեւ Մեսրոպեանի STEM ակումբի բոլոր 45 անդամներուն: Յատուկ վկայագրի արժանացաւ ակումբի ղեկավար Ժաք Տարագճեան:
Վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ ըսաւ, որ յառաջիկայ տարուընէ սկսեալ արհեստագիտութեան ուսուցումը Մեսրոպեանի մէջ պիտի մտնէ բոլորովին նոր հանգրուան` հանդիսանալու համար կրթական գերակայ ուղղութիւններէն մէկը, որուն պիտի հետեւին աշակերտները` մանկապարտէզէն մինչեւ ամենաբարձր դասարաններ: Ան ըսաւ, որ Մեսրոպեանը պիտի շարունակէ գործակցիլ Hands-on STEM գիտա-կրթական կազմակերպութեան հետ, ըստ երկու տարի առաջ ստորագրուած համաձայնութեան:
Նշեալ կազմակերպութիւնը կը միտի զարգացնել լիբանանցի աշակերտներուն գիտելիքները՝ գիտութեան, արհեստագիտութեան, ճարտարագիտութեան եւ ուսողութեան մարզերուն մէջ: Անոր նպատակն է լիբանանեան դպրոցներուն մէջ յառաջացնել STEM (Science, Technology, Engineering, and Mathematics) ակումբներ եւ այդպիսով նպաստել աշակերտներու զարգացումին:
Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի