Նախագահ Արմէն Սարգսեան Ընդունած Է Ամերիկայի Հայկական Համագումարի Պատուիրակութիւնը

Նախագահ Արմէն Սարգսեան այսօր ընդունած է Ամերիկայի հայկական համագումարի համանախագահներ Վան Գրիգորեանը, Էնթօնի Պարսամեանը, ԱՀՀ-ի գործադիր տնօրէն Պրայեան Արդունին, ԱՀՀ տարածաշրջանային տնօրէն Արփի Վարդանեանը:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ՀՀ նախագահի մամլոյ ծառայութենէն, բարի գալուստ մաղթելով անոնց Հայաստանի մէջ` նախագահ Սարգսեան ողջունած եւ կարեւորած է Միացեալ Նահանգներու մէջ համահայկական նշանակութեան հարցերով մշտապէս զբաղուող հայկական կազմակերպութիւններու գործունէութիւնը:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են համահայկական օրակարգային հարցերու, ատոնց լուծման ուղղութեամբ նոր ուղիներ գտնելու, աշխատանքն աւելի արդիւնաւէտ ու նպատակային դարձնելու հնարաւորութիւններու վերաբերեալ:
Ամերիկայի հայկական համագումարի ներկայացուցիչները հպարտութեամբ փաստած են Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած արմատական փոփոխութիւններու խաղաղ բնոյթը եւ անձամբ նախագահ Սարգսեանի կարեւոր եւ հաւասարակշռող դերն այդ գործին մէջ: