Ուքրանիոյ ՄԷջ Օծուեցան XV Դարու Հայկական Եկեղեցւոյ Զանգերը

Յունիս 3-ին Ուքրանիոյ Օդեսայի մարզի Պելկորոտ-Տնեստրովսկ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ միջնադարեան հայկական Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ զանգերու օծման արարողութիւնը:

Ինչպէս կը հաղորդէ AnalitikaUA.net-ը, օծման կարգը կատարեց ՀԱԵ Ուքրանիոյ թեմի առաջնորդ եպիսկոպոս Մարկոս Յովհաննիսեան:

Ձեռնարկին օրը Պելկորոտ-Տնեշտրովսկիի Մարիամ Աստուածածին եկեղեցի այցելեց Պելկորոտ-Տնեշտորսկի քաղաքապետ Ալլա Գինակը, Օդեսայի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Հայկ Ղուլեան, Ուքրանիոյ  հայերու միութեան փոխնախագահ Լեւոն Ղուլեան, բարերար Ֆելիքս Պետրոսեան, ինչպէս նաւ հիւրեր Ուքրանիոյ եւ Ռումանիոյ տարբեր շրջաններերէ:

XV դարու Սուրբ Մարիամ Աստուածածին հայկական եկեղեցին Արեւելեան Եւրոպայի հնագոյն հայկական եկեղեցիներէն է: Կառուցը վերադարձուած է համայնքին` հայր Լեւոն Ղուլեանի եւ Ուքրանիոյ հայերու միութեան նախագահ Վիլէն Շատուորեանի ջանքերով:

Եկեղեցին հայ համայնքին  փոխանցուած է 2012-ի դեկտեմբերին, որմէ ետք անմիջապէս սկսան վերականգնման աշխատանքները Ֆելիքս Պետրոսեանի մեկենասութեամբ:

Վերականգնման աշխատանքներու կազմակերպիչն ու ղեկավարը պատմական գիտութիւններու թեկնածու, Ուքրանիոյ հայերու միութեան պատմութեան եւ մշակութային ժառանգութեան կոմիտէի ղեկավար Դաւիթ Դաւթեանն է:

Scroll Up