Ամառը Ոչ Կանոնաւոր Չուերթներ Կ’իրականացուին Դէպի Եւրոպա

Շարք մը օդանաւային ընկերութիւններ ՀՀ կառավարութեան առընթեր քաղաքացիական օդանաւային գլխաւոր վարչութեան կողմէ ստացած են թոյտուութիւն ամառուան ընթացքին զբօսաշրջային ուղղութիւններով ոչ կանոնաւոր չուերթներ իրականացնելու համար:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն  ՀՀ ԿԱ քաղաքացիական օդանաւային գլխաւոր վարչութեան մամլոյ ծառայութենէն, ոչ կանոնաւոր չուերթներ պիտի իրականացուին մասնաւորապէս դէպի Ֆրանսա (Նիս), Կիպրոս (Լառնաքա), Մոնտենեկրօ (Տիւատ), Յունաստան (Արաքսոս, Կօս, Հերակլիոն, Հռոդոս, Սալոնիկ), Պուլկարիա (Վառնա, Պուրգաս), Իտալիա (Ռիմինի, Վենետիկ), Սպանիա (Պարսելոնա), Եգիպտոս (Հուրգադա):

Ստորեւ ներկայացուած է ոչ կանոնաւոր չուերթներու երթուղիներու, օդանաւային ընկերութիւններու, թռիչքներու իրականացման ժամկէտներու, չուերթներու իրականացման օրերու եւ չուերթներու պատուիրատուներու մասին տեղեկատուութիւնը:

Ամառնային հանգիստի կազմակերպման նպատակով` կ՛առաջարկենք հետեւիլ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութենէն եւ դէպի Հայաստանի Հանրապետութիւն իրականացուող կանոնաւոր չուերթներու չուացուցակին:

 

Scroll Up