Գիտաժողով` Նուիրուած Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Եւ Մայիսեան Հերոսամարտերու 100-ամեակին

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» Մատենադարանը եւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը մայիս 22-ին «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» Մատենադարանին մէջ կը կազմակերպեն գիտաժողով` նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակին` «Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ հայ եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը Հայոց պետականութեան կայացման գործին մէջ (1918-2018 թթ.)» խորագիրով:

Զեկուցումները պիտի հրատարակուին «Էջմիածին» ամսագիրին մէջ եւ առանձին ժողովածուով:

Գիտաժողովի բացումը կը կայանայ ժամը` 10:00-ին:

Scroll Up