Գինիի Օրեր` Երեւանի ՄԷջ

Մայիս 11, 12-ին Երեւանի Սարեան փողոցին մէջ կը կայանայ արդէն աւանդական դարձող Գինիի օրերը: Այս մասին լրագրողներուն հետ զրոյցին տեղեկացուց ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի նախագահի առաջին տեղակալ Մեխակ Ապրեսեան: Ան նշեց, որ նմանատիպ ձեռնարկներ հնարաւորութիւն կու տան ներկայանալու խոհանոցով, աւանդոյթներով, իսկ այս տօնին շնորհիւ հայկական գինին, գինիի զբօսաշրջութեան կարողականութիւնը ներքին եւ միջազգային շուկային կը ներկայացուի:
Ձեռնարկին նպատակն, ըստ Ապրեսեանի, Հայաստանը որպէս զբօսաշրջութեան համար գրաւիչ, բազմազան, տարբեր զբօսաշրջային արդիւնք ունեցող երկիր համաշխարհային շուկային ներկայացնելն է, շուկային մէջ խթանելը: Անոր խօսքով` նմանատիպ ձեռնարկները թուարկուած խնդիրները լուծելու հզօր յատկութիւն ունին:
Երեւանի քաղաքապետարանի զբօսաշրջութեան բաժինի պետ Գէորգ Օրբէլեանի խօսքով` ձեռնարկը հնարաւորութիւն կու տայ գինիի ճիւղով զբօսաշրջութիւնը զարգացնել:
«Հնագոյն պատմութեան ակունքներէն կու գան գինիի եւ գարեջուրի աւանդոյթները: Մենք կարեւոր կը համարենք այս իրադարձութիւնը, որ մեծ արձագանք ունի եւ սպասուած ձեռնարկ է մեր մայրաքաղաքին մէջ»,- ըսաւ ան` աւելցնելով, որ քաղաքապետարանը կ’աջակցի այս ձեռնարկին:
«Էվենտտուրա» ընկերութեան համահիմնադիր Մերի Բադալեան տեղեկացուց, որ ձեռնարկը կը մեկնարկէ 18:00, կ’աւարտի 23:00, այն միտուած է գինիի զբօսաշրջութեան զարգացման: Բադալեան յայտնեց, որ այս տարի կայ կտրոն-գրքոյկ, որ հնարաւորութիւն կու տայ համտեսելու 25-է աւելի գինիներ, եւ այցելուն այն իր հետ կը տանի տուն: Գրքոյկին մէջ տեղեկութիւններ են գինիի, արտադրողի մասին, կապի տուեալներ: Բանախօսի համոզմամբ` այն թէ յուշանուէր կ’ըլլայ, թէ հայկական գինեգործութեան այցեքարտ: Գրքոյկը տպագրուած է երկու լեզուով` ռուսերէն եւ հայերէն:
«Արենի փառատօն» հիմնադրամի տնօրէն Նունէ Մանուկեանի համոզմամբ` գինի խմելն ուղղակի սովորութիւն չէ, ապրելակերպ է, եւ ձեռնարկին նպատակն է առաջին հերթին բարձրացնել սպառողներու մօտ գինիի մշակոյթը: Անոր խօսքով` գինիի զբօսաշրջութիւնը կ’օգնէ զարգացնել համայնքները: Մանուկեանը նշեց, որ կը փորձեն հասնիլ այն արդիւնքին, որ Գինիի համաժողով իրականացուի Հայաստանի մէջ: «Մենք ունինք հնարաւորութիւն որակեալ գինիներով աշխարհ տիրելու, Հայաստանը կրնայ ներկայանալ իբրեւ քոնեակի եւ գինիի երկիր»,-ըսաւ ան:
Մանուկեանը տեղեկացուց` իրենք ամիսներ շարունակ աշխատած են, որ տարբեր երկիրներէ զբօսաշրջիկներ ներկայ ըլլան, եւ հայաստանեան բոլոր զբօսաշրջութեան ընկերութիւնները յատուկ փաթեթներ առաջարկած են զբօսաշրջիկներուն: Անոր կանխատեսմամբ` այս տարի նախորդ տարուան համեմատ տօնին մասնակից զբօսաշրջիկներու թիւն աւելի մեծ կ’ըլլայ, քանի որ նախորդ տարի փառատօնն առաջին անգամ կ’իրականացուէր, եւ ոչ բոլոր զբօսաշրջութեան ընկերութիւնները համարձակած էին վաճառել նման փաթեթներ:
Աղբիւր` Panorama.am