Ֆրանսահայ Գործարարը Ցանկութիւն Ունի Ներդրում Կատարելու Հայաստանի Մէջ

ՀՀ փոխադրութեան, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու նախարարի պաշտօնակատար Վահան Մարտիրոսեան ընդունեց ֆրանսահայ գործարար Րաֆֆի Երամեանը: Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնեն ՀՀ փոխադրութեան, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու նախարարութեան լրատուական ծառայութենէն, հայ գործարարը Վահան Մարտիրոսեանին ներկայացուց Հայաստան այցելելու իր հիմնական նպատակը: Ան նշեց, որ իր նկատառումներով` Հայաստանի տնտեսութեան յառաջընթացին համար կարեւոր նշանակութիւն կրնայ ունենալ զբօսաշրջութեան զարգացումը, որուն ուղղութեամբ ինք եւ իր ընտանիքը արդէն զգալի աշխատանքներ կատարած են տարբեր երկիրներու մէջ: Սակայն այդ նպատակին համար կարեւոր կը համարէ նաեւ որակեալ ճանապարհներու կառուցումը եւ ցանկութիւն ունի իր ներդրումն ունենալ այդ գործընթացին մէջ:

Վահան Մարտիրոսեան, շնորհակալութիւն յայտնելով հայ գործարարին, ընդգծեց, որ վերջին տարիներուն ճանապարհներու հիմնանորոգման ուղղութեամբ մեծ աշխատանքներ կ’իրականացուին: Ճանապարհաշինական մեծ ծրագիրներ կան, որոնք աստիճանաբար կ’իրականացուին, ինչպէս նաեւ կը կատարուի գոյքագրում, եւ վերանորոգման առաջնահերթութիւնը կը տրուի առաւել քայքայուած ճանապարհահատուածներուն:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ճանապարհներու վերականգնման աշխատանքներուն մէջ ֆրանսահայ գործարարին կողմէ առաջարկուող ներդրումներն առաւել արդիւնաւէտ օգտագործելու  շարք մը տարբերակներ:

Scroll Up