Ամերիկահայ Հայր Եւ Որդի Թաշճեաններու Ներդրումը Բժշկական Ասպարեզէն Ներս

2018թ.ի Մարտ ամսուայ վերջերուն, ներկայ գտնուելով Պէյրութ, Լիբանան, մասնակցելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մէջ կայացած Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակի համաժողովին, առիթը ունեցայ եւս ծանօթանալու 2 Ամերիկահայ բժիշկներու, Հայր ու զաւակ՝ Վարդան եւ Րաֆֆի Թաշճեաններուն, ներկայ գտնուեցայ իրենց դասախօսութիւններուն։
Իրենց յաջողութիւններով լի ուղին՝ ազգանուէր աշխատանքին զուգահեռ, ինծի հպարտութեամբ տոգորելով մղեցին կիսուելու իրենց մասին։
Բժիշկ Վարդան Թաշճեանի բանախօսութիւնը տեղի ունեցաւ, մարտ 22-ին Լիբանանահայ բժշկական միութեան տան մէջ, նուիրուած՝ միութեան եւ Հայկական բժշկական միջազգային ընկերակցութեան պատմութեան:
Բանախօսը նշեց, նաեւ Հայկական բժշկական միջազգային առաջին համագումարի մասին, որ տեղի ունեցաւ 1974-ին, Լիբանանի մէջ, իր համա-հիմնադրութեամբ եւ Լիբանանահայ բժշկական միութեան վարչութեան կազմակերպութեամբ։ Որպէս արդիւնք հիմնադրուեցաւ Հայկական բժշկական միջազգային ընկերակցութիւնը:
Հայկական բժշկական միջազգային ընկերակցութիւնը խթան հանդիսացաւ հայկական բժշկական միութիւններու վերաշխոյժացման եւ կամ՛ ստեղծման տարբեր երկիրներու մէջ` Ֆրանսա, Քանատա, Իրան, Իտալիա, Միացեալ Նահանգներ:
Սոյն ընկերակցութեան անդամները սատարած են բժշկական միջազգային իրերայաջորդ համագումարներու կազմակերպութեան, որոնցմէ երկրորդը տեղի ունեցած է Վենետիկի մէջ 1980-ին, իսկ 12-րդը Արժանթինի մէջ 2017-ին: Վերջին համագումարին մասնակցութիւն բերած էին, ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Տիկին Հրանոյշ Հակոբեան, ՀՀ առողջապահութեան նախարարի տեղակալ Բժ. Սերկէյ Խաչատրեանը եւ Արցախի առողջապահութեան նախարար Բժ. Կարինէ Ադայեան։
Բժ. Վ. Թաշճեան Լիբանանի Ֆրանսական բժշկական համալսարանի մէջ մասնագիտացած է որպէս մանկաբոյժ։ Մեկնելով Մոնրէալ ապա՛ Գալիֆորնիա, հանդիսացած է հիմնադրութեան մասնակից Քանատահայ բժշկական միութեան 1976-ին, եւ Գալիֆորնիահայ բժշկական միութեան 1985-ին։
Բժ. Վ. Թաշճեան առ այսօր կը գործէ, որպէս վկայեալ բժիշկ եւ անդամ է ամերիկեան բժշկական ընկերակցութեան եւ Ռուսական բնագիտութեան ակադեմիային։
Ան զուգահեռ ունեցած է բարեգործական եւ ազգանուէր գործունէութիւն։
Եղած է Թէքէեան Մշակութային Միութեան Ուսանողացի ատենապետ, Վ. Թէքէեան վարժարանի մանկաբոյժ, Հաուըրտ-Գարակէօզեան Հիմնարկութեան կամաւոր դասատու, եւ ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի կրթական յանձնախումբի անդամ։
ԱՄՆ-ի մէջ եղած է ՀԲԸՄ-ի Գալիֆորնիոյ Սան Ֆերնանտօ Հովիտի մասնաճիւղի ատենապետ եւ Գալիֆորնիահայ Բժշկական Միութեան փոխ-ատենապետ։
Հրատարակած է թիւով 2 բանաստեղծութիւններու գիրքեր, որոնց ողջ հասոյթը յատկացուցած է Լիբանանի «Թռչնոց Բոյն»-ի որբերու Վարժարանին։
Տօքթ. Րաֆֆի Թաշճեանի դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ, մարտ 23-ին, Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի (AUB)-ի բժշկական կեդրոնի մէջ, ելոյթ ունենալով Ասթմայի էնդոթիպիններու մասին: Այս ելոյթը եղած է մանկաբուժութեան նախագահի՝ Տօքթ. Միգել Ապուտի խնդրանքով, ցանկալով բժշկական անձնակազմին սորվեցնել անհատականացուած եւ յստակ բժշկութեան եզրերը:
Լոս Անճելըսի Գալիֆորնիոյ համալսարանի Բժշկագիտութեան եւ մանկաբուժութեան փրոֆեսոր Տօքթ. Ր. Թաշճեան կը հանդիսանայ որպէս համաշխարհային փորձագէտ «Լուրջ Ասթմայի» եւ հազուագիւտ (որբ) հիւանդութիւններու, ինչպիսիք են ժառանգական էնջիոիտեման եւ չախտորոշուած իմունային թերութիւնները:
Ելոյթին ներկայ էին տարբեր գերատեսչութիւններու մասնագէտներ, ներառեալ ` մանկաբուժութեան, ներքին բժշկութեան, անեստեզիա եւ երիկամային կրիտիկական խնամքի:
Բանախօսութեան աւարտին զրոյցը շատ լուսաբանող հանդիսացաւ ներկաներուն համար: Ճշգրիտ դեղամիջոցը նորարար գործելակերպ է տարբեր մեխանիզմներու մօտեցումի տուեալ պայմաններուն մէջ, որոնք ունին անհատականացուած թերապետներ՝ արդիւնքները օպտիմալացնելու համար:
Տօքթ. Ր. Թաշճեան նաեւ ԱՄՆ-ի Ամերիկահայ բժշկական Միութեան (AAMS) անմիջական երբեմնի նախագահն է, ուր սկսած է մենթորական ծրագիրը եւ հիմնած է համակարգ մը ստեղծելու առաջին արձագանքը ապագայ առողջական ճգնաժամերու պարագաներուն, Հայաստանի / Արցախի կամ Սփիւռքի՝ աշխարհասփիւռ Հայերուն:
Ամերիկահայ բժշկական Միութիւնը 2017-ին Սուրիահայ գաղթականներու օգնութիւն տրամադրեց ՀՕՄ-ի և Գարակէօզեան հիմնադրամին միջոցով։
2018-ի ընթացքին, միութիւնը իր օգնութիւնը պիտի տրամադրէ Արցախի վիրաւոր զինուորներու բուժման, եւ գտնուող վերականգնողական կեդրոններու հզօրացման եւ զարգացման միջոցով։ Այս նպատակին դրամահաւաքի երեկոյ տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 28-ին, որուն պատուոյ հիւր պիտի հանդիսանայ ԱԺ-ի Նախագահ, Տօքթ. Արա Պապլոյեան, որ պիտի պարգեւատրուի AAMS-ի կողմէ կեանքի նուաճումներու համար։ Արցախի վիրաւոր զինուորներ եւս հրաւիրուած են որպէս պատուոյ հիւրեր։
Տօքթ. Ր. Թաշճեան Լոս Անճելըսի Գալիֆորնիոյ համալսարանի (UCLA) Տեյվիտ Գեֆենի բժշկութեան դպրոցի մէջ, Ալերգիայի եւ կլինիկական իմունաբանութեան բաժինի մէջ, բժշկութեան եւ մանկաբուժութեան կլինիկական փրոֆեսոր է:
Մեծահասակներով եւ մանկական ալերգիայի եւ իմունաբանութեան բնագաւառի մէջ կրկնակի խորհուրդի հաւաստագրութիւն ստացած է։ Կը հանդիսանայ Լոս Անճելըսի AIRE Medical Group- ի կլինիկական փորձերու տնօրէն: Ան բժշկական վկայականը ստացած է Ատլանտայի Մորհաուս բժշկութեան համալսարանին մէջ, այնուհետեւ, Հարվըրտի բժշկական դպրոցի Մասաչուսեթս ընդհանուր հիւանդանոցէն ներս, փորձնական եւ ռեզիդենտ մանկաբարձութեան գծով, եւ UCLA-ի Տէյվիդ Գեֆենի բժշկութեան դպրոցին մէջ՝ մանուկներու, ինչպէս նաեւ չափահասներու Ալերգիայի, իմունաբանութեան եւ ռեվմատոլոգիայի ասպիրանտուրա: Ան ընտրուած է UCLA առողջապահական համակարգի լաւագոյն բժիշկներէն մէկը:
Տօքթ. Ր. Թաշճեան նաեւ Երեխաներու երաժշտական հիմնադրամի հիմնադիր եւ նախագահն է, որ շահոյթ չհետապնդող կազմակերպութիւն է, նուիրուած քրոնիկական պայմաններու կամ կենցաղին ազդող հիւանդութիւններու հետեւանքներով տառապող երեխաներու եւ երիտասարդներու, երաժշտական թերափիայի եւ երաժշտական գործիքներու տրամադրման, ինչպէս նաեւ նման ջանքերու քանակական հետազօտութիւններու իրականացման, օգնութիւն հասցնելով թիւով ինը ԱՄՆ-ի նահանգներու: Ան, նպատակ ունի հիմնադրամի ծառայութիւնները կիրարելու նաեւ Հայաստան Հայրենիքի մէջ։
ՄԱՐԱԼ ՆԵՐՍԷՍԵԱՆ
Յորդանան
Ապրիլ 2018