Մշակութային Ձեռնարկ` Նուիրուած Հայաստանի Եւ Լիթուանիոյ Հանրապետութիւններու 100-ամեակներուն

Ապրիլ 17-ին Լիթուանիոյ ՀՀ դեսպանութիւնը Լիթուանիոյ կիրառական արուեստի թանգարանին մէջ կազմակերպած էր կամերային երաժշտութեան երեկոյ` նուիրուած Հայաստանի եւ Լիթուանիոյ Հանրապետութիւններու անկախութեան 100-ամեակներուն: Այս մասին կը հաղորդեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:

Համերգին կատարումներով հանդէս եկան նշանաւոր հայազգի թաւջութակահար Լեւոն Մուրադեան (Փորթուկալ), լիթուանացի դաշնակահար Վայդա Կիրուելիտյեն եւ ջութակահար Ռայմոնտաս Պուտուիլան:

Համերգին ներկայ էին Լիթուանիոյ մէջ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ դեսպաններ, Լիթուանիոյ  օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, մտաւորականներ:

Լիթուանիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Տիգրան Մկրտչեան, հանդէս գալով բացման խօսքով, ըսաւ, որ համերգը Հայաստանի եւ Լիթուանիոյ անկախութեան 100-ամեակներուն նուիրուած ձեռնարկներու  շարքէն է: Անդրադառնալով Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան պատմութեան` դեսպանը նշեց, որ 1918թ․` հակամարտութիւններու քաոսին մէջ, մայիսեան փառահեղ յաղթանակներու ներքոյ ծնաւ Հայաստանի առաջին Հանրապետութիւնը, որ 1375 թ․-էն յետոյ հայկական առաջին ինքնիշխան պետութիւնն էր:

Դեսպանը նաեւ նշեց, որ այդ ժամանակաշրջանին հայ ժողովուրդը կը վերականգնէր իր մեծագոյն ողբերգութեան` ցեղասպանութեան հետեւանքներէն, առկայ էին շուրջ 300,000 գաղթականներ, արեւելքէն եւ արեւմուտքէն երիտասարդ Հանրապետութիւնը տապալելու փորձեր կ’ընէին: Բայց այնուամենայնիւ Հայաստան յաջողեցաւ երկուքուկէս տարի դիմակայել այդ արհաւիրքներուն եւ դառնալ միջազգային իրաւունքի սուբյեկտ:

Եզրափակելով իր խօսքը, դեսպանը յայտնեց, որ 1920թ․ անկախութեան կորուստի հարցով որոշ արտաքին եւ ներքին գործօններ ունեցան իրենց դերը եւ արտաքին իրողութիւնները մինչ օրս ցաւօք գրեթէ չեն փոխուած: Այսօր ալ Հայաստանը կը գործադրէ իր առաւելագոյն ջանքերը բոլորին հետ բարեկամական յարաբերութիւններ պահպանելու եւ իր բարեկամներու շրջանակն ընդլայնելու համար:

Համերգի ընթացքին հնչեցին Ֆրանց Շուբերտի, Առնօ Բաբաջանեանի եւ Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները:

Scroll Up