Մահացած է «Արտոյտներու Ագարակը» Ֆիլմի Բեմադրիչ Թաւիանի Եղբայրներէն Վիթորիոն

Հռոմի մէջ 88 տարեկանին մահացած է իտալացի սենարիստ, բեմադրիչ Վիթորիօ Թաւիանին, որ կ՛աշխատէր եղբօր` Փաոլոյի հետ: Այս մասին ANSA գործակալութեան յայտնած է բեմադրիչին դուստրը, կը գրէ ԹԱՍՍ-ը:
Թաւիանին մահացած է երկարատեւ հիւանդութենէ ետք:
Նշենք, որ Վիթորիօ եւ Փաոլօ Թաւիանի եղբայրները հայ հանդիսատեսին յայտնի են Հայոց Ցեղասպանութեան մասին 2007-ին նկարահանուած «Արտոյտներու ագարակը» ֆիլմով: «Արտոյտներու ագարակը» գրած է Անթոնիա Արսլանը, որ կը պատմէ 1915 թուականին, առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն հայկական ընտանիքի ողբերգութեան մասին: Գիրքը ստացած է 15 գրական մրցանակ, իսկ 2007 թուականին անիկա ֆիլմի վերածուած է Թաւիանի եղբայրներուն կողմէ:
Վիթորիօ Թաւիանի` որպէս բեմադրիչ կայացաւ 1962-ին, երբ նկարահանեց «Մարդը, որուն պէտք է ոչնչացնել» ֆիլմը (Un uomo da bruciare): Ֆիլմը կինոքննադատներու մրցանակը ստացաւ Վենետիկի փառատօնին:
Թաւիանի եղբայրները նկարահանած են բազմաթիւ ֆիլմեր, որոնք եւս հեղինակաւոր միջազգային կինոփառատօններու արժանացած են մրցանակներու: