Ժընեւի ՄԷջ Բացուած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակը Յաւերժացնող Յուշակոթող

Ապրիլ 13-ին Ժընեւի Թրամպլէ զբօսայգիին մէջ (Parc Trembley) Զուիցերիոյ ՀՀ դեսպան Շառլ Ազնաւուրի մասնակցութեամբ բացուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող «Յիշատակի լապտերներ» յուշահամալիրը:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն, պրոնզաձոյլ տաս մեթր բարձրութեան լամպերէ բաղկացած յուշակոթող, որ ֆրանսահայ անուանի արուեստագէտ Մելիք Օհանեանի ստեղծագործութիւնն է, զուիցերահայ համայնքի նուէրն է Ժընեւ քաղաքին` ի նշան ժընեւցիներու եւ հայերու համատեղ պատմական յիշողութեան:

Ժընեւի քաղաքապետարանին կողմէ կազմակերպուած բացման հանդիսաւոր արարողութեան մասնակցեցան եւ ելոյթով հանդէս եկան Ժընեւի քաղաքապետ Ռեմի Պագանին, Ժընեւի 2014-15 թթ. քաղաքապետ, ներկայիս` մշակութային հարցերով փոխքաղաքապետ Սամի Գանաանը, Ժընեւի Հանրապետութեան եւ կեդրոնի պետական խորհուրդի անդամ Անթոնիօ Օճերսը: Վերջիններս ընդգծեցին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողի կարեւոր նշանակութիւնը հաւաքական բռնութիւններու դէմ մղուող պայքարին` յարգանքի տուրք մատուցելով խոցուած ժողովուրդներու իրաւունքներուն եւ չսպիացած յիշողութիւններուն:

Զուիցերահայ համայնքի` յուշարձանի կառուցման համակարգող յանձնախումբի համանախագահներ Վահէ Կապրաշը եւ Ստեֆան Քրիստենսենը, ինչպէս նաեւ Ժամանակակից արուեստի քաղաքային հիմնադրամի տնօրէն Միշէլ Ֆրէյպուրգհաուսն իրենց ելոյթներուն մէջ անդրադարձան յուշարձանի նշանակութեան, կառուցման նախապատմութեան` յիշեցնելով, որ շուրջ ութ տարի կառուցման թոյլտուութեան սպասող «Յիշատակի լապտերները», ժամանակաւորապէս հանգրուանելով Սուրբ Ղազարի մէջ` Վենետիկի ժամանակակից արուեստի փառատօնի ծիրէն ներս, արժանացած էին վերջինիս Ոսկէ Առիւծ պատուաւոր մրցանակին:

Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանորդ Յասմիկ Տոլմաջեան իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ հայերու եւ ժընեւցիներու համատեղ պատմական յիշողութիւնն ու Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող Յիշատակի լապտերներու տեղադրումը Ժընեւի` մարդու իրաւունքներու միջազգային մայրաքաղաքի յանձնառութիւն է` յանուն յիշողութեան իրաւունքի, յանուն մարդկութեան դէմ գործած ոճիրներու ու ժխտողականութեան դէմ շարունակական պայքարի:Ան  խորհրդանշական համարեց, որ յուշակոթողի բացումը տեղի կ’ունենայ ՄԱԿ-ի կարեւորագոյն երկու փաստաթուղթերու` Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրի եւ Ցեղասպանութեան ոճիրի կանխարգելման պայմանադրութեան յոբելենական` եօթանասուներոդ տարին:

Յասմիկ Տոլմաջեան նշեց, որ յուշակոթողի տասնամեայ հարկադրական դեգերումները կ’արտացոլեն հայ ժողովուրդի մազապուրծ զաւակներու անցած ուղին` միեւնոյն ժամանակ վերստին ընդգծելով պետութեան կողմէ իրականացուող ժխտողականութեան քաղաքականութեան վտանգաւորութիւնը:
ՀՀ ներկայացուցիչը յոյս յայտնեց նաեւ, որ քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող Լապտերները յիշատակի վայր կը դառնան բոլոր զանգուածային բռնութիւններու անշիրիմ զոհերու ժառանգներուն համար:

Ան վերստին խորը երախտագիտութիւն յայտնեց Զուիցերիոյ ժողովուրդին, ժընեւցիներուն` հայ ժողովուրդին` իր պատմութեան ամենադաժան ժամանակահատուածին ցուցաբերած բացառիկ համերաշխութեան, գործուած բարբարոսութիւններու դէմ համաժողովրդական բողոքի, ինչպէս նաեւ Ժընեւի քաղաքային եւ Զուիցերիոյ Ազգային խորհուրդին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար: Ան նաեւ իր ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնեց Ժընեւի` 2008 թուականէն ի վեր իրար յաջորդած քաղաքապետներուն, Ժընեւի ժամանակակից արուեստի հիմնադրամին, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի համակարգող յանձնախումբին` յուշակոթողի տեղադրման նպատակով գործադրած շուրջ տասնամեայ հետեւողական ջանքերուն համար:

Բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին ՄԱԿ-ի Ժընեւեան գրասենեակի գլխաւոր տնօրէնի տեղակալը, Ժընեւի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններ, Զուիցերիոյ դաշնային խորհրդարանի պատգամաւորներ, Ժընեւի Հանրապետութեան օրէնսդիր մեծ պալատի անդամներ, Ժընեւի քաղաքային խորհուրդի անդամներ, լրագրողներ, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ:

Յուշակոթողի տեղադրման զուգահեռ Ժընեւի քաղաքապետարանի եւ ժամանակակից արուեստի հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ քաղաքի կեդրոնին մէջ Լեմանի լճեզրի երկայնքով տեղադրուած են յուշարձանի տեղադրումն ու բացումն ազդարարող վահանակներ, ինչպէս նաեւ Թրամպլէյ զբօսայգիին մէջ բացուած է հայկական հարցի եւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայկական ջարդերու եւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ զուիցերական մամուլին մէջ 1895-1920 թթ. լոյս տեսած յօդուածներու ընտրանիի ցուցահանդէս:

Յուշակոթողի բացումը լայնօրէն լուսաբանուած է զուիցերական հանրային հեռուստատեսութեամբ եւ ֆրանքոֆոն այլ հեռուստաալիքներով ու տպագիր մամուլի մէջ:

Տեղեկանք: 2004թ. զուիցերահայ համայնքը դիմած է Ժընեւի քաղաքային խորհուրդին` Հայոց ցեղասպանութեան իննսունամեայ տարելիցի կապակցութեամբ Ժընեւի մէջ յուշակոթող տեղադրելու խնդրանքով: Վերջինս 2008 թուականին միաձայնութեամբ որոշում կը կայացնէ` յօգուտ յուշակոթողի կառուցման: Յայտարարուած մրցոյթի արդիւնքով ութ հոգիէ բաղկացած ժիւրին միաձայն մրցոյթի յաղթող կը ճանչնայ ֆրանսահայ արուեստագէտ Մելիք Օհանեանի ներկայացուցած նախագիծը:

 

 

Scroll Up