Կարապետեանի Անուան Հայագիտութեան Կրթանպաստներու Հիմնադրամ Կը Հաստատուի Ֆրեզնոյի Համալսարանին Մէջ

Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ուսմանց ծրագիրի «Հայ Շարժում» պարբերաթերթը կը հաղորդէ, թէ հայագիտութեան հետեւող ուսանողներու յատուկ կրթանպաստներու նոր հիմնադրամ մը հաստատուած է՝ շնորհիւ Տանըլտ Կարապետեանի կատարած 26,000 տոլարի նուիրատուութեան։
Հայագիտական ծրագիրի համակարգող Պարլօ Տէր Մկրտիչեան ողջունած է Տանըլտ Կարապետեանի ցուցաբերած այս աջակցութիւնը։
Վանեցիներու զաւակ Տանըլտ Կարապետեանը Ֆրեզնօ ծնած ու հասակ նետած է եւ Ֆրեզնոյի նշեալ համալսարանին մէջ մէկ տարի ուսանելէ ետք՝ հաշուապահութեան մարզին մէջ պսակաւոր գիտութեանց վկայականը ստացած է Վըրճինիայի համալսարանէն։ Ան աւելի քան 10 տարի աշխատած է հաշուապահական հեղինակաւոր հաստատութեանց մէջ, ապա՝ քանի մը ընկերութիւններու ելեւմտական հարցերու եւ տուրքերու գլխաւոր վարիչի պաշտօնները ստանձնած։
Կարապետեան կարեւոր կը համարէ Հայագիտական ծրագիրին դերակատարութիւնը ապագայ սերունդներուն հայոց պատմութիւնն ու մշակոյթը լաւապէս փոխանցելու գործին մէջ, եւ այդ պատճառով ալ որոշած է իր փոքր բաժինը բերել ծրագիրին բարգաւաճումը ապահովելու ջանքերուն։