«Շամլեան»ի Աշակերտները Կը Միանան Հայաստանին Կրթական Աջակցութիւն Ապահովելու Միտող Հայ Դատի Արշաւին

 Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Վահան եւ Անուշ Շամլեան Ազգային վարժարանի աշակերտները նամակներ յղած են Միացեալ Նահանգներու գանձապետ եւ «Հազարամեակի Մարտահրաւէրներ» հիմնարկի փոխնախագահ Սթիվըն Մնուչինին, իրենց ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնելով Հայաստանի մէջ գիտութեան, արհեստագիտութեան, ճարտարագիտութեան եւ ուսողութեան (STEM) դասաւանդման զարգացման նպատակներուն համար նշեալ հիմնարկէն յաւելեալ աջակցութիւն ապահովելու ջանքերուն։

Իրենց նամակներուն մէջ աշակերտները շեշտած են, թէ նման աջակցութիւն մը զգալիօրէն պիտի բարելաւէ Հայաստանի մէջ նման կենսական նիւթերու դասաւանդումներու մակարդակը, միաժամանակ նշելով, թէ կը փափաքին, որ Հայաստանի աշակերտները ունենան իրենց իսկ ունեցած կարելիութիւններէն օգտուելու համազօր առիթներ: Անոնք նաեւ մատնանշած են, թէ նման դասանիւթերու աճին շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ աւելիով զարգացնել Հայաստանի մէջ արդի արհեստագիտութեան մարզը։

«Երախտապարտ ենք, որ մեր աշակերտները առիթը ունեցան իրենց նամակներով գործօն մասնակցութիւն բերելու այս արշաւին», կը յայտնէ վարժարանի տնօրէն դոկտ. Թալին Քարկոտորեան։

Նախապէս, Օրենճ Քաունթիի Արի Կիրակոս Մինասեան Ազգային վարժարանի աշակերտները եւս նոյնիմաստ նամակներ յղած էին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընին (այժմ՝ պաշտօնանկ)։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին նախաձեռնած այս արշաւին նպատակն է քաջալերել Հայաստանը՝ Կովկասի Սիլիքոն հովիտը դարձնելու ջանքերուն, զգալիօրէն նպաստելով Հայաստանի տնտեսութեան եւ երկրին մէջ աշխատանքի կարելիութեանց աճին:

Յայտնենք, որ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը մօտէն կը գործակցի Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի ատենապետ Էտ Ռոյսի եւ Հետախուզական հարցերու յատուկ յանձնախումբի բարձրաստիճան անդամ Էտըմ Շիֆի հետ, «Հազարամեակի Մարտահրաւէրներ» հիմնարկէն 140 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն ձեռք ձգելու համար, Հայաստանի մէջ գիտութեան, արհեստագիտութեան, ճարտարագիտութեան եւ ուսողութեան դասաւանդումներ զարգացնելու նպատակով:

Յոյս կը յայտնէ, թէ Հազարամեակի Մարտահրաւէրներ հիմնարկին ներդրումը կրնայ մեծապէս նպաստել Հայաստանի հետ առեւտուրի զարգացման ջանքերուն, նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ նշեալ մարզերուն մէջ Հայաստանը յատկանշական կարողականութիւն ունի:

Իր կարգին, Շիֆ կը յայտնէ, թէ տրամադրուելիք օժանդակութիւնը կրնայ նպաստել արհեստագիտական մարզին մէջ իւրայատուկ ձիրքերով օժտուած հայերուն, որ շրջանցեն այն խոչընդոտները, որոնք պարտադրուած են իրենց կարգ մը դրացիներու կողմէ:

«Հազարամեակի Մարտահրաւէրներ» հիմնարկը Միացեալ Նահանգներու օրէնսդիր մարմիններուն կողմէ 2004ին հաստատուած ու անկախաբար գործող մարմին մըն է, որուն նպատակն է համակարգել երկրին տրամադրելիք արտաքին օժանդակութիւնները: Անիկա ցարդ աւելի քան 10 միլիառ տոլարի օժանդակութիւն տրամադրած է, ի միջի այլոց նաեւ՝ Հայաստանին, որ 2006ին ստացած էր գիւղական շրջաններու զարգացման ծրագիրներ իրականացնելու նպատակով յատկացում մը: Այս աջակցութիւնը ապահովելու նպատակով, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը մօտէն կը գործակցի ամերիկեան վարչակազմի անդամներուն եւ այլ քոնկրեսականներու հետ, ինչպէս նաեւ խորհրդակցութիւններ կ՛ունենայ ամերիկեան համալսարաններու հետ, որոնք կրնան դեր ունենալ ծրագիրի իրականացման գծով:

Scroll Up