Համահայաստանեան Ծառատունկի Մէկամսեակի Մեկնարկում

ՀՀ բնապահպանութեան նախարարութիւնը յառաջիկայ մէկ ամիսը կը յայտարարէ համահայաստանեան ծառատունկի ամիս: ՀՀ գրեթէ բոլոր մարզերու անտառտնտեսութիւններուն, բնութեան յատուկ պահպանուող տարածքներուն մէջ` մօտ 80 հա վրայ, պիտի իրականացուին անտառի վերականգնման եւ անտառապատման աշխատանքներ, որոնք կը կատարուին նաեւ ծառատնկումի շաբաթօրեակներու միջոցով:
Մասնաւորապէս, նախարարութիւնը ապրիլ 14-ին կը նախատեսէ ծառատունկ-շաբաթօրեակ, որուն ծիրէն ներս կը նախատեսէ 35 հա տարածքին մէջ տնկել 35 հազար տնկանիւթ (հացենի, թխկի, կաղնի, սոճենի եւ այլն): Կրնան մասնակցիլ բոլոր ցանկացողները, ինչպէս անհատները, այնպէս ալ հասարակական կազմակերպութիւնները` դիմելով ՀՀ ԲՆ «Հայանտառ» ՊՈԱԿ-ի լրատուական ծառայութեան:
ՀՀ բնապահպանութեան նախարարութիւնը կոչ կ’ընէ աշխուժօրէն մասնակցելու անտառտնկման աշխատանքներուն` աւելցնելու կանաչ տարածքները: