Փրովիտընսի Gallery Z Պատկերասրահը Կը Ներկայացնէ Հայ Յայտնի Նկարիչներու Գործեր

Փրովիտընսի մէջ գտնուող Gallery Z պատկերասրահին մէջ կը բացուի նոր ցուցահանդէս, ուր պիտի ներկայացուին հանրաճանաչ հայ նկարիչներու կտաւները:
Ցուցահանդէսը պիտի բացուի Ապրիլ 4ին ու պիտի տեւէ մինչեւ Մայիս 6: Կը յայտնէ «Ասպարէզ»-ը:
Պատկերասրահի տարածած յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Հայաստանի մէջ ժամանակի ընթացքին ձեւաւորուած է բարձր գեղանկարչութեան ու համաշխարհային ճանաչում ունեցող նկարիչներու սերունդ տալու աւանդոյթը:
Այս ծրագրով Gallery Z պիտի ցուցադրէ Սիմոն Սամսոնեանի, Գեւորգ Մուրադի, Աղասիի, Ռաֆայէլ Աթոյեանի, Լառա Բիի, Էմմա Գրեգորեանի, Ալեքսանդր Գրիգորեանի աշխատանքները: