ՀՀ Սփիւռքի Նախարարն Ընդունեց Եւրոպայի Հայերու Միութեան Նախագահը
ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց եւրոպայի հայերու միութեան նախագահ Արթուր Յովհաննիսեանը:
Ողջունելով հիւրը` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր համարեց սփիւռքահայ գործարարի ջանքերը` Հայաստանի մէջ ներդրումային խոշոր ծրագիր իրականացնելու ուղղութեամբ: Նախարարն ընդգծեց, որ համահայկական հարցերու շուրջ համախմբուելու, միասնական ըլլալու համար անհրաժեշտ է ամրացնել կապը Հայրենիքի հետ, աւելի աշխոյժ մասնակցիլ նախարարութեան ծրագիրներուն:
Արթուր Յովհաննիսեան շնորհակալութիւն յայտնեց արդիւնաւէտ հանդիպման համար: Ան մանրամասն ներկայացուց կազմակերպութեան ծրագիրներն ու հնարաւորութիւնները, պատրաստակամութիւն յայտնեց աւելի սերտօրէն համագործակցիլ նախարարութեան հետ: