Հայաստան Մասնակցեցաւ «ITB Berlin – 2018» Միջազգային Զբօսաշրջային Ցուցահանդէսին

Պեռլինի մէջ Մարտ 7-11 տեղի ունեցաւ «ITB Berlin – 2018» ամէնամեայ միջազգային զբօսաշրջային ցուցահանդէսը, որուն այս տարի եւս մասնակցեցան հայկական շուրջ 30 զբօսաշրջային ընկերութիւններ։

Անոնք ներկայացուցին Հայաստանի զբօսաշրջային գրաւչութիւնը եւ այդ ոլորտի հնարաւորութիւններուն վերաբերող շարք մը փաթեթներ` ներկայանալով որպէս թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ տարածաշրջանային համատեղ զբօսաշրջային ծրագիրներ իրականացնող ընկերութիւններ: Այս մասին կը  տեղեկացնէ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը։

Մարտ 9-ին Հայաստանի զբօսաշրջութեան զարգացման հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ, Գերմանիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան, ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան Զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի աջակցութեամբ տեղի ունեցաւ «Բացայայտէ՛ Հայաստանը» խորագիրով շնորհանդէս՝ գործարար ոլորտի ներկայացուցիչներու համար:

Շնորհանդէսին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Գերմանիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Աշոտ Սմբատեանը, որ իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ Հայաստանի զբօսաշրջային գրաւչութեան, ինչպէս նաեւ 2017-ին այս ոլորտին մէջ արձանագրուած զգալի յաջողութիւններուն: Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Զբօսաշրջութեան զարգացման հիմնադրամի առեւտուրի ղեկավար Աստղիկ Չափլինը:

Շնորհանդէսին ներկայ էին զբօսաշրջութեան ոլորտի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ, քաղաքական գործիչներ, գործարարներ, էջատէրեր եւայլք: Մասնակիցները ծանօթացան հայկական զբօսաշրջային հնարաւորութիւններուն, երկրի հարուստ մշակութային ժառանգութեան: Աւարտին տեղի ունեցաւ հայկական գինիի եւ ազգային ուտեստներու համտես:

Տեղեկանք. Մասնակիցներու թիւով աշխարհի մէջ ամենամեծ «ITB Berlin» ցուցահանդէսը տեղի կ՛ունենայ 1966-էն ի վեր: Լաւագոյն հանգստավայրերն ու զբօսաշրջային փաթեթները ներկայացնելու համար ցուցահանդէսին ամէն տարի կը մասնակցին շուրջ 190 երկիրներ եւ հազարաւոր զբօսաշրջային ընկերութիւններ:

Ցուցահանդէսի նպատակն է տարբեր երկիրներու զբօսաշրջային ուղղութիւններու եւ կարողութիւններու, զբօսաշրջային եւ գործնական ճանապարհորդութիւններու համար նախատեսուած վերջին նորարարութիւններու ներկայացումը, զբօսաշրջային նոր շուկաներու բացայայտումը:

Scroll Up