Իշխանաձորի Մէջ Ընթացքի Մէջ են 50 Նոր Առանձնատուներու Շինարարական Աշխատանքները. Համայնքի Ղեկավար

Քաշաթաղի շրջանի Իշխանաձոր համայնքին մէջ, Արցախի կառավարութեան եւ «Քաշաթաղ» բարեգործական հիմնադրամին համաֆինանսաւորումով, ընթացքի մէջ են 50 նոր առանձնատուներու շինարարական աշխատանքները:
Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ այս մասին յայտնած է Իշխանաձորի համայնքի ղեկավար Արսէն Թելունց` նշելով, որ ըստ նախագիծին, մինչեւ տարեվերջ բնակարանները շահագործման պիտի յանձնուին:
Համայնքի ղեկավարին խօսքով` 2016-2017 գիւղին մէջ, ԱՀ կառավարութեան օժանդակութեամբ եւ «Քաշաթաղ» բարեգործական հիմնադրամին ֆինանսաւորումով, կառուցուած էր 1 ութ բնակարանոց շէնք, 22 բնակելի առանձնատուն:
«Քաշաթաղի շրջանի հարաւային թեւին մէջ` Հակարի եւ Որոտան գետերու ներքին աւազանի հատուածին, Իշխանաձորը կը կատարէ կեդրոնի դեր: Գտնուելով Բերձոր-Կովսական, Գորիս-Հադրութ ճանապարհներու խաչմերուկին վրայ` գիւղը ունի ռազմավարական նշանակութիւն, եւ բնակավայրի զարգացումը յատուկ կարեւոր կը համարուի իշխանութիւններուն կողմէ: «Թուֆենկեան» բարեգործական հիմնադրամը եւ «Հայրենասէր» հասարակական կազմակերպութիւնը նոյնպէս նպաստած են բնակարանաշինութեան, դպրոցաշինութեան, եւ այլ ծրագիրներու իրականացման»,- նշած է Ա. Թելունցը` աւելցնելով, որ անցեալ տարուան ընթացքին գիւղին մէջ հիմնանորոգուած է դպրոցին եռայարկ շէնքը. ներկայիս ուսումնական հաստատութիւնը ունի 105 աշակերտ: Իշխանաձորի մէջ մանկապարտէզ ունենալու խնդիր սակայն կայ:
Անդրադառնալով 2018 թուականին իրականացուելիք այլ ծրագիրներու` Ա. Թելունց ըսած է, որ գիւղի տարածքին պիտի հիմնուի 10 հա նոր այգի` բերքատու ծառերով, եւ եղէգներէն պիտի ազատուի 30հա հողատարածք` բանջարեղէնային տարբեր մշակաբոյսեր արտադրելու համար: Արտադրուած միրգն ու բանջարեղէնը՝ նախնական պայմանաւորուածութեան համաձայն՝ մեծ մասամբ պիտի իրացուի «Արցախֆրուտ» պահածոներու գործարանին կողմէ:
«Գիւղին մէջ կը կառուցուին նաեւ խոզաբուծական եւ հաւաբուծական ագարակներ, որոնց շինարարական աշխատանքները ընթացքի մէջ են: Այս բոլորը կ՝ապահովեն աշխատատեղեր, շահոյթ կը բերեն համայնքին: Հակարի գետին վրայ նաեւ կամուրջ կը կառուցուի` երկու թաղամասերը իրարու կապելու համար»,- մասնաւորապէս նշած է համայնքի ղեկավարը: