Թուլուզի «Մեսրոպ Մաշտոց» Դպրոցին ՄԷջ Նշուած Է Մայրենիի Տօնը

Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Հայերն այսօր»-ը, փետրուար 21–ին Ֆրանսայի Թուլուզ քաղաքի «Մեսրոպ Մաշտոց» կիրակնօրեայ դպրոցին մէջ նշուած է Մայրենիի տօնը: Ձեռնարկին ընթացքին խօսուած է նաեւ սուրբ հացի մասին, որոնք մեր հայ զաւակներուն մէջ կ’արմատաւորեն անմնացորդ սէրը դէպի հայոց լեզուն եւ սուրբ հացի կարեւորութիւնը հայերուս կեանքին մէջ:

Դպրոցի սաները մեծ ոգեւորուածութեամբ խօսած են հացի խորհուրդի մասին` գիտակցելով, որ հացը ոչ միայն նիւթական բարիք է, այլեւ` հոգեւոր սնունդ:

Scroll Up