Արծրուն Յովհաննիսեան կը Հերքէ Յարձակողական Ներթափանցման Փորձի Մասին Ատրպէյճանական Լրատուամիջոցներու Լուրերը

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարի մամուլի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան կը հերքէ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու տարածած տեղեկութիւնները` իբր հայկական զինուած ուժերու կողմէ Ղազախի հատուածին հայ-ատրպէյճանական սահմանը անցնելու եւ յարձակման ներթափանցման փորձ ձեռնարկելու մասին:
«Միայն Ատրպէյճանցիներու պատկերացումով հայ յարձակողները ճերմակ թիւերով «Ուազ»-ով յարձակման կը դիմէին: Իսկ մեքենան ինչո՞ւ ետեւի կողմէն նկարուած է, կամ եթէ նկատած էք մեքենան, ուրեմն յարձակողները ո՞ւր են»,- գրած է Արծրուն Յովհաննիսեանը դիմատետրի իր էջին։
Ատրպէյճանական APA լրատուական գործակալութիւնը հրապարակած է խոցուած «Ուազ»-ի տեսանիւթը, որուն մէջ ակնյայտ կ՝երեւի, որ «Ուազ»-ը ո՛չ թէ ՀՀ ՊՆ սեւ համարանիշով է, այլ ունի ճերմակ համարանիշ: