Բարեկենդանեան Պարահաւաքոյթ Յունաստանի Մէջ

Հ. Կ. Խաչի Ֆալիրոյի «Նայիրի» մասնաճիւղի վարչութիւնը կը կազմակերպէ բարեկենդանեան պարահաւաքոյթ, Ուրբաթ՝ 2 Փետրուար 2018ին «Philip» ճաշարանը Վուլիաղմենի (Էրմու 1) երեկոյեան ժամը 9էն ետք:
Սեղան ապահովելու համար հեռաձայնել, ընկերուհիներ՝ Մերի Խտրեանին-6946954084
եւ Մայտա Կիւրիւնլեանին-6945699989:
Եկէ՛ք բոլորս միասին բարեկենդանեան մթնոլորտի մէջ հաճելի ժամեր անցնենք: Կը սպասենք ձեզի:
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ