Ներառական Կրթութեան Վերաբերող Սեմինար Հայկազեան Համալսարանէն Ներս

Հայկազեան Համալսարանի Մանկավարժութեան Բաժանմունքի կազմակերպութեամբ, 23 Յունուար 2018ին համալսարանի հանդիսասրահէն ներս տեղի ունեցաւ սեմինար մը նուիրուած նեռարական կրթութեան եւ Լիբանանի մէջ անոր կարգավիճակին վերաբերեալ: Սեմինարը վայելեց Լիբանանի Կրթութեան Նախարար Դոկտ. Մարուան Համատէի բարձր հովանաւորութիւնը:

Սեմինարի բացումը կատարեցին Հայկազեան Համալսարանի Արուեստի եւ Գիտութիւններու Դպրոցի Ղեկավար՝ Դոկտ. Արտա Էքմէքճի եւ Կրթութեան Նախարարի Խորհրդատու՝ Դոկտ. Նատէր Հուտայֆէ, որոնք հանդէս եկան իրենց խօսքերով:

Սեմինարը բաղկացած էր երկու նիստերէ: Առաջինը կ’ընդգրկէր ակադեմական ներկայացումներ՝ առնչուած ներառական կրթութեան ներկայ իրավիճակին ինչպէս նաեւ պատմական հոլովոյթին: Նիւթեր ներկայացուցին Հայկազեան Համալսարանի Մանկավարժական Բաժանմունքի դասախօսներէն՝ Դոկտ. Ֆարահ էլ Զէյն եւ Րիթա Մըրհէժ, ինչպէս նաեւ Պէյութի Ամերիկեան Համալսարանի դասախօս՝ Դոկտ. Լէյլա Աքուրի Տիրանի եւ Լիբանանի Կրթութեան Նախարարութեան Խորհրդատուութեան Բաժանմունքէն՝ Նահլա Հարպ:

Երկրորդ նիստը քննարկեց կրթական մարզէն ներս պատասխանատուներու դիմագրաւած մարտահրաւէրներն ու անոնց կարիքները՝ ապահովելու համար ներառական կրթութեան աւելի արդիւնաւէտ մօտեցումներ: Խօսքեր առին Լիբանանի Աւետարանական Դպրոցներու Համախմբումի Ընդհանուր Քարտուղար՝ Դոկտ. Նապիլ Քոսթա, LEAPS կազմակերպութեան հիմնադիր՝ Թասուլա Պասուս, Սայտայի Րաֆիք Հարիրի Երկրորդական Վարժարանի տնօրէնուհի՝ Հիպա Ապու Ալֆա Ուահպի եւ Սէյնթ Մէրի Օրթոտոքս Քոլէճի Special Education Բաժանմունքի համադրող՝ Ազզա Շուէյքի էլ Հաֆի: Զոյգ նիստերու աւարտին տեղի ունեցաւ հարց-պատասխանի յատկացուած բաժին մը:

Զոյգ նիստերը համադրեց Հայկազեան Համալսարանի Մանկավարժութեան Բաժանմունքի դասախօս՝ Շաղիկ Խիւտավէրտեան:

Scroll Up