Հայաստանը Խաչքար Նուիրած է Եւրոպայի Խորհուրդին

Աշխատանքային այցով Ֆրանսա գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի Եւրոպայի խորհուրդի ղեկավարութեան հետ հանդիպման ծիրէն ներս, այսօր, տեղի պիտի ունենայ ԵԽ-ին Հայաստանի կողմէ եղած նուէրին` խաչքարին, բացումը։

Խաչքարը Հայաստանի նուէրն է Եւրոպայի խորհուրդին` Մարդու իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագիրի ուժին մէջ մտնելու 65-ամեակին առիթով: Հայկական խաչքարը տեղադրուած է Եւրոպայի խորհուրդի շէնքին դիմացը:

Խաչքարին հեղինակն է Արտակ Համբարձումեանը: Անիկա 17-րդ դարու խաչքարի կրկնօրինակ մըն է:

Նշենք, որ ասիկա Հայաստանի կողմէ  Եւրոպայի խորհուրդին եղած երրորդ նուէրն է: ԵԽ տարածքին յուշանուէրի տեղադրման համար անհրաժեշտ պիտի ըլլայ ԵԽ բոլոր անդամ երկիրներուն համաձայնութիւնը կամ գոնէ դէմ չըլլալը:

Խաչքարին բացումը պիտի կատարեն ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանն ու ԵԽ գլխաւոր քարտուղար Թորպէորն Եակլանտը:

Scroll Up