Ֆրանսայի Հայ Համայնքը Մեծ Դեր Ունի Երկկողմ Յարաբերութիւններու Ամրապնդման Գործին Մէջ

Ֆրանսայի մէջ ներկայիս կ՝ապրի մօտ 500 հազար հայ: Անոնք կը բնակին Ֆրանսայի գրեթէ ամբողջ տարածքին` Փարիզ, Մարսէյլ, Լիոն, Վալանս, Կան, Սեն Ռաֆայէլ, Լա Սիոդա եւ այլ քաղաքներու մէջ: Ըստ Armenpress.am-ի՝ Ֆրանսայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Յարութ Մարտիրոսեան նշած է, թէ եթէ նախապէս հայերը կեդրոնացած էին խոշոր քաղաքներու մէջ, այսօր, սակայն, կը բնակին այնպիսի վայրերու մէջ, ուր տարիներ առաջ հայեր չկային:

«Ֆրանսայի հայ համայնքը բաւական աշխոյժ է: Նախ կը գործեն բազմաթիւ հայկական կազմակերպութիւններ, մշակութային, երիտասարդական միութիւններ, հիմնադրամներ: Հայերը ներգրաւուած են ամենատարբեր ոլորտներու մէջ` քաղաքականութիւն, տնտեսութիւն, գիտութիւն, կրթութիւն, մշակոյթ եւ այլն»,- ըսած է Յարութ Մարտիրոսեան:

Ֆրանսայի մէջ հայերու մասին առաջին յիշատակումները կը վերաբերին 6-րդ դարուն: Ֆրանսացիներու եւ հայերու միջեւ ռազմական եւ առեւտրական յարաբերութիւնները զարգացած են 11­14-րդ դարերուն: 9-րդ դարուն՝ կրթութիւն ստանալու նպատակով՝ Ֆրանսա տեղափոխուած են բազմաթիւ հայ երիտասարդներ, որոնք անմասն չեն մնացած երկրի հասարակական-քաղաքական կեանքէն: 1855-ին Փարիզի մէջ հրատարակուած են Ֆրանսայի մէջ հայկական առաջին «Արեւելք» եւ «Մասեաց աղաւնի» պարբերականները:

Ներկայիս Ֆրանսայի մէջ կը գործէ եօթը ամենօրեայ եւ շուրջ 40 կիրակնօրեայ դպրոց: Հայկական դպրոցներ կը յաճախէ 1500 փոքրիկ: Յարութ Մարտիրոսեանի խօսքով, կը նախատեսեն աւելցնել հայկական դպրոցներ յաճախող աշակերտներուն թիւը:

«Կը նախատեսենք աշակերտներուն թիւը աւելցնել 500-ով: Նպատակ ունինք այնպիսի պայմաններ ստեղծելու, որ տարուէ տարի աշակերտներուն թիւը աւելնայ, չէ՞ որ այսօր Ֆրանսայի մէջ կ՝ապրին բազմաթիւ ընտանիքներ, որոնց զաւակները հայկական դպրոցներ չեն երթար: Իրականութեան մէջ, դպրոցներուն թիւը աւելցնելը, ուսուցիչներ պատրաստելը բարդ գործ է, սակայն մենք ամէն ինչ պիտի ընենք այդ ծրագիրը իրագործելու համար»,- ըսած է ան:

Յարութ Մարտիրոսեան պատահական չի համարեն այն, որ Ֆրանսայի իշխանութիւնները միշտ լաւ աչքով նայած են հայ համայնքին: Անոր խօսքով, հայ համայնքը միշտ ուշադրութիւն գրաւած է իր կազմակերպուածութեամբ, դժուար պահերուն պետութեան կողքին եղած է: Հայերը աշխատող են, կը ձգտին լաւագոյնը ըլլալու տարբեր ոլորտներու մէջ:

«Հայ-ֆրանսական բարեկամութիւնը տարուէ տարի կ՝ամրապնդուի ու կ՝ընդլայնուի: Հայ համայնքը մեծ դեր ունի Հայաստան-Ֆրանսա յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին մէջ: Այս օրերուն Ֆրանսա կ՝այցելէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան: Այս ձեւաչափով՝ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրօնի հետ առաջին հանդիպումն է: Ծանօթութենէ զատ, կը կարծեմ, որ երկու երկիրներու ղեկավարներու քննարկման շրջանակը լայն պիտի ըլլայ` երկկողմ հետաքրքրութիւններուն, ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովին, որ այս տարի Հայաստանը պիտի ընդունի, եւ այլ թեմաներուն վերաբերող հարցեր»,- նշած է ան: Ընդգծելով, որ Հայաստան­Ֆրանսա յարաբերութիւնները բարձր մակարդակի վրայ են` Յարութ Մարտիրոսեան աւելցուցած է, որ անհրաժեշտ է աշխուժացնել համագործակցութիւնը տնտեսութեան, մշակութային ոլորտներու մէջ:

Նշենք, որ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան, Յունուար 22-24, աշխատանքային այց պիտի կատարէ Ֆրանսայի Հանրապետութիւն` Փարիզ եւ Սթրազպուրկ: Հանրապետութեան նախագահը, այցի ծիրէն ներս, Յունուար 22-ին եւ 23-ին, հանդիպումներ պիտի ունենայ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրօնի, Ծերակոյտի նախագահ Ժերար Լարշէի, Ազգային ժողովի նախագահ Ֆրանսուա տը Ռիւժիի, ինչպէս նաեւ Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան պատգամաւորական խումբի անդամներու հետ: Հայաստանի եւ Ֆրանսայի նախագահները հանդիպման արդիւնքները պիտի ամփոփեն համատեղ մամուլի ասուլիսով: Նախագահ Սարգսեան, Փարիզի քաղաքապետարանին մէջ, հանդիպում պիտի ունենայ քաղաքապետ Անն Իտալկոյի եւ Ֆրանսայի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ:

Յունուար 24-ին, Սթրազպուրկի մէջ, Հայաստանի նախագահը պիտի մասնակցի Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) ձմեռնային նստաշրջանին, ուր հանդէս պիտի գայ ելոյթով եւ պիտի պատասխանէ պատգամաւորներուն հետաքրքրող հարցերուն: Սերժ Սարգսեան հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ Եւրոպայի խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար Թորպէորն Եակլանտի, Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի (ՄԻԵԴ) նախագահ Կիտօ Ռայմոնտիի, «Ժողովրդավարութիւն` իրաւունքի միջոցով» եւրոպական յանձնաժողովի (Վենետիկի յանձնաժողով) նախագահ Ճաննի Պուքիքիոյի եւ ԵԽԽՎ նորընտիր նախագահի հետ:

Scroll Up