Հայ Լեզուի Եւ Մշակոյթի Ամառնային Խտացեալ Դասընթացք Վենետիկի Մէջ

Վենետիկի Պո-Արաքս Մշակութային Ընկերակցութեան, Վենետիկի «STUDIUM MARCIANUM» հաստատութեան հետ գործակցաբար կազմակերպած Հայ լեզուի եւ մշակոյթի ամառնային խտացեալ դասընթացքը տեղի պիտի ունենայ Յուլիս 30 — Օգոստոս 14 թուականներուն: Քննութիւնները Օգոստոս 14-ին կէսօրէ վերջ: Ժամանում Յուլիս 29-ին, մեկնում Օգոստոս 15-16-ին:
Դասընթացքը ունի չորս մակարդակ՝ բացարձակ սկսնակներէ մինչեւ յառաջադէմներ: Դասերը տեղի կ՚ունենան Երկուշաբթիէ Շաբաթ, օրը հինգ պահ՝ առաւօտեան: Դասընթացքի ամբողջական տեւողութիւնն է 65 դասաժամ: Դասերու ներկայութիւնը ՊԱՐՏԱԴԻՐ է: Մասնակցութեան համար պահանջուած նուազագոյն տարիքն է 18: Հնարաւոր բացառութեան համար պէտք է մասնաւոր դիմում կատարել Դասընթացքի վարչութեան: Դիմումները պէտք է կատարուին ԱՆՁԱՄԲ եւ ԳՐԱՒՈՐ, նշելով միշտ ՀԵՌԱԽՕՍԻ թիւ մը եւ ԵԼԳՐԱՅՒՆ (EM) հասցէ մը: Դասընթացքին զուգահեռ տեղի պիտի ունենան մշակութային այլեւայլ ձեռնարկներ: ՓԱՓԱՔՈՂՆԵՐՈՒՆ, կէսօրէ վերջերը, ԱՆՎՃԱՐ ՊԻՏԻ ԱՒԱՆԴՈՒԻՆ նաեւ՝ ԴՈՒԴՈՒԿԻ, ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՐԵՐՈՒ եւ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽՈՀԱՆՈՑԻ ԴԱՍԵՐ:
Արձանագրութեան սակն է՝ 800 €  կամ համապատասխանը տարարժոյթով ըստ օրուան սակին: Այս գումարին 500 եւրոյի բաժինը պէտք է վճարուի կանխաւ՝ մինչեւ Փետրուար 28: Այդ թուականէն վերջ պէտք է վճարուի 550 եւրօ մինչեւ ՅՈՒՆԻՍ 30, որ արձանագրութեան համար վերջին պայմանաժամն է: Արձանագրութեան մնացեալ մասը ՊԷՏՔ Է ՎՃԱՐՈՒԻ ԱՆՊԱՅՄԱՆ ՄՈՒՏՔԻ ՕՐԸ: ՎԱՐԿԱԹՂԹԱՅԻՆ վճար (Crédit card) չ՚ընդունուիր: 10% զեղչ մը կը կատարուի անոնց որոնք նախապէս լաւ արդիւնքով մասնակցած են դասընթացքին, գոնէ երկու անգամ: Նոյն զեղչը կը կատարուի նաեւ միասին յաճախող մօտիկ ազգականներէն մէկուն (ծնողք, քոյր, եղբայր, կողակից): ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ՎՃԱՐՈՒՄԸ ՈՐԵՒԷ ՊԱՏՃԱՌՈՎ ՉԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁՈՒՒՐ, բացի հաւաստի եւ ճամբորդութիւնը արգիլող հիւանդութեան պարագայէն: Դրամատնային փոխանցումով (bank transfert) վճարելու համար, յետ դիմումի ընդունելութեան՝ քարտուղարութիւնը պիտի ուղարկէ դրամատնային հաշուի հարկաւոր տեղեկութիւնները (հաշուեհամար, IBAN եւ այլն): Դրամատնային բոլոր ծախսերը դիմողին կը պատկանին:
Կ՚ընձեռուի բնակութեան հնարաւորութիւն Վենետիկի պատմական կեդրոնին մէջ, օժտուած՝ խոհանոցային յարմարութիւններով, Յուլիս 29–Օգոստոս 15 ներառեալ: Ամբողջ այս չրջանին համար, բնակութեան սակն է 810 € անձ գլուխ երկու հոգինոց սենեակի մէջ, իսկ 980 € առանձին սենեակի մէջ, երկու պարագային ալ լոգարանային եւ զովասարքչային յարմարութիւններով: Բնակութեան վճարը, տուեալ ժամանակաշրջանի ընթացքին, ենթակայ չէ օրական հաշուարկումի: Անոնք որ կը խորհին նշեալ թուականներէն աւելի առաջ ժամանել կամ յետոյ մեկնիլ, պէտք է իրենք հոգան իրենց բնակութեան պայմանները այդ օրերուն համար:
Պո-Արաքս Ընկերակցութիւնը կրնայ տրամադրել քիչ թիւով կրթաթոշակներ: Ով որ կը փափաքի դիմել կրթաթոշակի համար, պէտք է որ դիմումնագիրը ղրկէ իր կենսագրական բնութագրին (curriculum) ու մէկ երաշխաւորագրի հետ՝ Դասընթացքի վարիչին՝ Հ. Լեւոն արք. Զէքիեանի՝ zkybhs@gmail.com, ու փոխ-վարիչին՝ դոկտ. Բենեդետտա կոնտինի՝ bendettacon@gmail.com:
Յաւելեալ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ համար ելգիր մը ուղարկել հետեւեալ հասցէներուն՝ daniela@padus-araxes.combenedettacon@gmail.com: Ի հարկին հեռաձայնել բջջայնի թիւերուն՝ +39.347.4562981 (Դանիելա) եւ +39.349.0986027 (Բենեդետտա) Երկուշաբթի եւ Հինգշաբթի առաւօտները ժամը 10.30-13.00, եւ կամ Երեքշաբթի, Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ իրիկունները ժամը 20.00–21.30 (ԻՏԱԼԻՈՅ ԺԱՄՈՎ): Կը խնդրուի լաւ ստուգել ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ԺԱՄԵՐՈՒ ՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ: ■

Scroll Up