Իշխանութեան Երեք Պետերը Շնորհաւորեցին Հայկական Ս. Ծնունդը

Ազդակ- Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն 6 յունուարին շնորհաւորեց հայկական Ս. Ծնունդը` մաղթելով, որ այդ օրհնեալ գիշերուան ընթացքին Բեթղեհէմի քարայրին խաղաղութիւնը ծագի ամբողջ Արեւելքին վրայ եւ վերջ տայ անոր արիւնահեղութեան: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով անոր փոխանցեց իր շնորհաւորութիւնները:

Նշենք, որ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի եւ խորհրդարանի նախագահին շնորհաւորութիւնները փոխանցեց անոր:

Վարչապետ Սաատ Հարիրի իր կարգին թուիթըրեան գրառումով մը շնորհաւորեց հայկական Ս. Ծնունդը` Լիբանանին եւ արաբական աշխարհին մաղթելով ապահովութիւն եւ խաղաղութիւն:

Հայկական Ս. Ծնունդին առիթով լիբանանահայութեան շնորհաւորեցին նաեւ պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ ու Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան:

Scroll Up