«Շնորհակալութի′ւն, Հայ Զինուոր». Բարեգործական Համերգին Ներկայ Պիտի Ըլլան Ծանր Վիրաւորում Ստացած Տղաները

ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան եւ «Դիրքապահ» հասարակական կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ յունուար 24-ին, ժամը 19:00-ին Արամ Խաչատրեան համերգասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Շնորհակալութի′ւն, հայ զինուոր» բարեգործական համերգը` Քառօրեայ պատերազմի մասնակիցներուն բարոյապէս եւ ֆինանսապէս աջակցելու նպատակով. համերգին տոմսերուն ողջ հասոյթը պիտի փոխանցուի վերականգնողական նոր կեդրոնի կառուցման:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Մշակոյթի նախարարութենէն, համերգին ներկայ պիտի ըլլան հայրենիքի պաշտպանութեան համար ծանր վիրաւորում ստացած տղաները: Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի մասնակիցներու «Դիրքապահ» հասարակական կազմակերպութեան ղեկավարներուն մէջ եւս կան հայրենիքի պաշտպանութեան ժամանակ ծանր վիրաւորուածներ, որոնք անձամբ կը մասնակցին այս ծրագիրի իրականացման:
Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան եւ խորհրդական Արսէն Գրիգորեան դեկտեմբերի սկիզբին «Դիրքապահ» միաւորման նախագահ Մանուէլ Մանուկեանի ուղեկցութեամբ այցելած են Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի այն մասնակիցներուն, որոնք առողջութեան վերականգնողական փուլին մէջ են: