Թիֆլիսի ՄԷջ Կայացած Է Սերգէյ Փարաջանովին Նուիրուած Ստեղծագործական Մրցոյթի Պարգեւատրման Արարողութիւնը

Յունուար 8-ին Թիֆլիսի Կովկասեան տան մէջ տեղի ունեցաւ Սերգէյ Փարաջանովին նուիրուած ստեղծագործական մրցոյթի յաղթողներու պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որ կազմակերպած էին Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը եւ «Վիրահայերու միութիւն» հասարակական կազմակերպութիւնը:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան մամլոյ ծառայութենէն, ձեռնարկին կը մասնակցէին Վրաստանի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ռուբէն Սադոյեան, Վրաստանի` Հաշտեցման եւ քաղաքացիական հաւասարութեան նախարարի առաջին տեղակալ Լաշա Դարսալիան, հոգեւոր դասի ներկայացուցիչներ, մտաւորականներ, վիրահայ համայնքի  շարք մը ներկայացուցիչներ:

Ժիւրիի որոշմամբ ստեղծագործական մրցոյթի «Ոսկէ դափնեկիր»-ի կոչման արժանացաւ Տինատին Բուկիան, առաջին տեղը գրաւեց Եուլեայ Չալունելին, երկրորդը` Գոհար Յակոբեան, իսկ երրորդը` Լեւան Ցալուգելաշուիլին:

«Ոսկէ դափնեկիր»-ի կոչման արժանացած Տինատին Բուկիային դեսպան Սադոյեան պարգեւատրեց պատուոգիրով եւ յանձնեց Հայաստան այցելութեան եռօրեայ ուղեգիր, ուր ան հնարաւորութիւն կ’ունենայ այցելելու տեսարժան վայրեր եւ ծանօթանալու Հայաստանի պատմամշակութային հարուստ ժառանգութեան:

Պատուոգիրներ յանձնուեցան նաեւ մրցանակային այլ տեղեր գրաւած մասնակիցներուն:

Տեղեկանք․ Սերգէյ Փարաջանովին նուիրուած ստեղծագործական մրցոյթը տեղի  ունեցած է 2017 թ․հոկտեմբեր 15-էն դեկտեմբեր 28, որուն ընթացքին երեք տասնեակէ աւելի հայ եւ վրացի նկարիչներ հանդէս  եկած են իրենց հեղինակային ստեղծագործութիւններով:

Յաղթողին տրամադրուած ուղեգիրի բոլոր ծախսերը պիտի հոգայ Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը:

Scroll Up