«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը Կը Սկսի Գործակցութեան Առաջին Քայլերուն Արժանթինի Կառավարութեան հետ

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը կը սկսի գործակցութեան առաջին քայլերուն Արժանթինի կառավարութեան հետ: Հիմնադրամի հասարակայնութեան հետ կապերու ծառայութենէն կը յայտնեն, որ ուղղութիւններէն մէկը գիւղատնտեսութիւնն է, որու արժենթինեան դրական փորձը կիրառելու հնարաւորութիւնը դիտարկելու համար Հայաստանի մէջ Արժանթինի դեսպան Կոնզալօ Ուրրիոլապէիթիան այցելեց Տաւուշի մարզի Խաչարձան համայնք:

Դեսպանը ծանօթացաւ գիւղատնտեսական զարգացման ծրագիրներուն, որոնք «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի միջոցով իրագործած է արժենտինահայ համայնքը: Դեսպան Ուրրոլիապէիթիան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ ջերմոցներու շարունակական ծրագիրով  իրականացուող վիճակահանութեան, որով պարզ դարձաւ Խաչարձանի մէջ եւս երկու ջերմոցներու շահառուները: Ի դէպ, Հիմնադրամը ծրագրի ծիրէն  ներս Տաւուշի մարզին մէջ բացած է արդէն 100 ջերմոց:

Խաչարձանի մէջ արգենտինահայ առաջին ներդրողներէն եղած է Կալչեան ընտանիքը: Անոնց ֆինանսաւորումով վերակառուցուած է գիւղի դպրոցը, Խաչարձանի մէջ կառուցուած է բժշկական եւ համայնքային կեդրոն: Այնուհետեւ, Կալչեաններուն միացած են արժենթինահայ այլ ընտանիքներ, որոնց շարքին` Աւագեանների ընտանիքը Թերզեաններու հետ մասնակցած է խմելու ջուրի համակարգի կառուցման: Թերզեան ընտանիքն ալ իր հերթին հովանաւորած է գիւղին մէջ մարզահամալիրի կառուցումը, որ նուիրուած է անոնց դստեր` Մարիա Թերզեանի յիշատակին: Սարգիս եւ Ծովինար Անակներու ընտանիքը հիմնած է Հաւատքի պուրակը, որու բացման ընթացքին կնքուած է գիւղի 130 բնակիչ:

Scroll Up