Շահումեանի Շրջանի Նոր Էրքէջ Գիւղը Նոր Համակարգիչներ Կը Ստանայ

Դեկտեմբեր 8-ին, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան անդամ Դաւիթ Իշխանեան հանդիպեցաւ Շահումեանի շրջանի Նոր Էրքեջ գիւղի բնակիչներու հետ, կը հաղորդէ “Ապարաժ”-ը:
Հանդիպման ընթացքին Իշխանեան ներկայացուց խմբակցութեան գործունէութիւնը եւ պատասխանեց բնակչութիւնը յուզող հարցերուն:
Այցին ընթացքին Նոր Էրքեջի դպրոցին եւ ակումբին փոխանցուեցան համակարգիչներ, որոնք նուիրուած են Լոնտոն բնակող դաշնակցական Սեւան Արթինի կողմէ: