Վիեննայի Մէջ Կայացած Է Նալպանտեան-Մամետեարով Հանդիպումը

Վիեննայի մէջ Դեկտեմբեր 6-ին տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալպանտեանի եւ Էլմար Մամետեարովի հանդիպումը. այս մասին տեղեկացուցած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Տիգրան Բալայեան:
Հանդիպման մասնակցած են ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփով, Սթեֆան Վիսքոնթի եւ Էնտրու Շոֆըր, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիք:
Աւելի կանուխ, աշխատանքային այցով Վիեննա ժամանած Նալպանտեան անջատ հանդիպում մը ունեցած էր ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներուն եւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչին հետ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութիւնը այս հանդիպման մասին գրած է. «Զրուցակիցները քննարկեցին Վիեննայի, Ս․ Փեթերզպուրգի եւ Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած գագաթնաժողովներու ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ուղղուած քայլերը: Հանդիպումի ընթացքին շարունակուեցաւ մտքերու փոխանակումը՝ ղարաբաղեան հիմնախնդրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման գործընթացը յառաջ մղելու համար բարենպաստ պայմաններ ստեղծելու շուրջ: Նաեւ, անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու նախատեսուած հանդիպման»: