Արցախի դպրոցներուն մէջ բնագիտական առարկաներու եւ օտար լեզուի մասնագէտներու կարիք կայ

«Դասաւանդէ Հայաստան» ծրագիրով ՀՀ-էն խումբ մը մանկավարժներ գործուղուած են Արցախի դպրոցներ: Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, ըսած է Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար Միքայէլ Համբարձումեանը:

Անոր խօսքով` ծարգիրին ծիրէն ներս՝ ներկայիս ՀՀ-էն ժամանած երկու ուսուցիչ կը դասաւանդէ Քաշաթաղի շրջանի Վաղազին, մէկական` Մարտունիի շրջանի Նորշէն եւ Շուշիի շրջանի Եղծահող համայնքներուն մէջ:

«Այդ ծրագիրէն բացի, կը գործէ ԱՀ կառավարութեան որոշումը` մանկավարժին այլ վայր ուղեգրելու մասին, որուն համաձայն, եթէ մանկավարժը իր բնակութեան վայրէն 30 քմ հեռաւորութեամբ գտնուող այլ վայր կը տեղափոխուի` աշխատելու նպատակով, կը տրամադրուի բնակարան, նաեւ աշխատավարձը յիսուն տոկոսով աւելի կը տրուի»,- ըսած է փոխնախարարը եւ աւելցուցած, որ, 6ընդհանուր առմամբ, Արցախի մէջ այս ծրագիրին մասնակցած է աւելի քան 196 մանկավարժ. ներկայիս կ՝աշխատի 83 ուսուցիչ:

Մ. Համբարձումեան նշած է, որ Արցախի դպրոցներուն մէջ մասնաւորապէս բնագիտական առարկաներու եւ օտար լեզուի մասնագէտներու կարիք կայ:

«Կան գիւղեր, ուր ստիպուած որոշ առարկաներու ժամաքանակները կը յատկացուին այլ առարկաներու մասնագէտներուն` հաշուի առնելով մէկ կողմէն մասնագէտներու պակասը, միւս կողմէն` եղած ժամաքանակի սղութիւնը»,- աւելցուցած է ԿԳՍ փոխնախարարը:

Scroll Up