ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ Տեղի Ունեցաւ Խորհրդակցութիւն

Նոյեմբեր 27-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն, որուն կը մասնակցէին նախարարի տեղակալ Վահագն Մելիքեան, աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան, կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարները:
Կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարները ներկայացուցին շաբթուան ընթացքին կատարուած աշխատանքները:
Նախարարի տեղակալը կարեւոր համարեց արեւմտահայերէնի պահպանման ու զարգացման եւ հայրենադարձութեան կազմակերպման ռազմավարութիւններու ամփոփումը:
Քննարկուեցան աշխատանքային այլ հարցեր: Տրուեցան յանձնարարականներ: