Լեհաստանի Խորհրդարանը Յատուկ Բանաձեւ Մը Ընդունած Է Լեհաստանի Հայ Համայնքի 650-ամեայ Յոբելեանին Առթիւ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/11/սեյմա-300x225.jpg)
Նոյեմբեր 24-ին Լեհաստանի Հանրապետութեան Սէյմի 52-րդ նստաշրջանի ընթացքին միաձայն քուէարկութեամբ (435 կողմ) ընդունուեցաւ «Քազիմիր Մեծ թագաւորին կողմէ Լեհաստանի հայերուն շնորհուած արտօնութեան 650-ամեայ տարեդարձի մասին» վերնագիրով բանաձեւ, որմով կը սահմանուի, որ 2017 թուականի ընթացքին Լեհաստանի հայ համայնքը կը նշէ Քազիմիր Մեծ թագաւորին կողմէ շնորհուած արտօնութեան 650-ամեակը, որմով իրաւունք տրուած էր Լուովի մէջ հիմնել Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ թեմ: Բանաձեւին մէջ կը նշուի, որ դարերու ընթացքին, ինչպէս նաեւ հիմա, լեհերու եւ հայերու միջեւ փոխյարաբերութիւնները կրնան օրինակ ծառայել այլ պետութիւններու եւ ժողովուրդներու համար:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն, Լեհաստանի Սէյմի բանաձեւին մէջ նաեւ գնահատական կը տրուի Լեհաստանի պատմութեան մէջ հայերու դերակատարութեան եւ առանձնայատուկ յարգանք կ’արտայայտուի անոնց, որոնք իրենց կեանքը զոհաբերած են յանուն Լեհաստանի անկախութեան, այն նուիրեալ քաղաքացիներուն, որոնք ապրած եւ աշխատած են Լեհաստանի համար:
Լեհաստանի Սէյմի բանաձեւին մէջ վստահութիւն կը յայտնուի, որ յետագային եւս լեհերու եւ հայերու միջեւ եղբայրական բարեկամութիւնը պատմութեան նոր գեղեցիկ էջեր պիտի բանայ:
ԼՀ Սէյմի դահլիճին մէջ բանաձեւի ընդունման ներկայ էին Լեհաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Էդգար Ղազարեան, ԼՀ Ծերակոյտի նախկին անդամ հայազգի քաղաքական գործիչ Լուկաշ Աբգարովիչը, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Լեհահայոց հոգեւոր հովիւ Տաճատ վարդապետ Ծատուրեան, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Վարշաւայի եւ կեդրոնական Լեհաստանի հոգեւոր հովիւ, Եուզեֆ Նաումովիչը, Լեհաստանի հայ համայնքի շարք մը այլ ներկայացուցիչներ: