National Geographic-ը Քարահունջն Ընդգրկուած Է Աշխարհի Հնագոյն Աստղադիտարաններու Ցուցակին Մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/11/qarahunj-stonehenje-sisian-img_0727.jpg)
National Geographic աշխարհագրական գիտահանրամատչելի ամսագիրը Քարահունջ մեծաքարային համալիրը, որ նաեւ կ’անուանեն «Հայկական Սթոունհենջ», ընդգրկած է աշխարհի հնագոյն աստղադիտարաններու ցուցակին մէջ: «Սիրիուսը եւ Օրիոնը կը փայլին խորհրդաւոր Քարահունջի լուսաւորուած քարերու վերեւը: Այն բաղկացած է հարիւրաւոր ուղղահայեաց քարերէ»,-գրած է պարբերականը:
Քարահունջը կամ Զօրաց Քարերը կը գտնուին Սիսիան քաղաքէն ոչ հեռու` Որոտան գետի Դարբ վտակի ձորի ձախ ափին եւ բաղկացած են մինչեւ 10 թոն քաշ ունեցող ուղղահայեաց քարերէ, որոնք միասին կը կազմեն ընդհանուր կոթող : Համալիրի` 25 հեկտար մակերեսին վրայ, որոշակի համակարգով դասաւորուած են եռանկիւնաձեւ քանի մը հսկայական քարեր, որոնց մէջ աստղադիտակի համար նախատեսուած յատուկ անցքեր բացուած են:
Ըստ որոշ հնագէտներու, Քարահունջը կը թուագրուի մեր թուարկութենէն առաջ երրորդ հազարամեակով, սակայն ոմանք ալ կը կարծեն, որ համալիրը աւելի հին է եւ հիմնուած է հինգերորդ հազարամեակին: Այդ խորհրդաւոր քարէ շինութեան վերաբերեալ ակադեմիկոս Փարիս Հերունին նախորդ դարու 90-ականներուն զգայացունց վարկած առաջ քաշած էր` անուանելով համալիրը այն ժամանակ յայտնաբերուած ամենահին աստղադիտարանը բոլոր յայտնաբերուածներուն մէջ:
National Geographic-ի գլխաւոր տեղին մէջ յայտնուած են նաեւ Մոքսիքայի Չաքօ Քանեոնը, փորթուկալական Քրոմլեխը, յունական Մետէորները, քէնիական Սիպիլօ ազգային պարկը, իրանական Ալամուտ ամրոցը, աւստրալական Ուլուրու Քատա Տիւտա ազգային պարկը, Քալիֆոռնիոյ Օուէնս հովիտը, կը գրէ Ankakh.com-ը: