Տուպայի ՄԷջ Ստեղծագործող Ձեւաւորողի Հայկական Արմատները Կը Հասնին Մինչեւ Հայրենիք. Khaleej Times

Տուպայի մէջ ստեղծագործող ձեւաւորող Թալար Նինան (Թալար Պիլեմճեան) պատմած է այն մասին, թէ ինչպէս Հայաստան կատարած իր ուղեւորութիւնները կ’ազդեն իր ստեղագործութեան վրայ:
«Յաճախակի ուղեւորութիւնները Հայաստան իմ ոգեւորութեան աղբիւրն են. ճարտարապետութիւնը, արուեստը, ասեղնագործութիւնը»,- 1in.am-ի փոխանցմամբ` ըսած է ան արաբական Khaleej Times -ի հետ հարցազրոյցին:
Երիտասարդ ձեւաւորողի ապրանքանիշը ստեղծուած է 2016 թուականին: Ան շուտով Տուպայի մէջ կը թողարկէ «Արեւելեան խոստում» անուանումով իր երրորդ հաւաքածուն: Թալար Նինան պատմած է, որ Հայաստանէն բացի, ընտանիքին հետ կը շրջագայէ արաբական տարբեր երկիրներով, որպէսզի աւելի լայն պատկերացում ունենայ Արեւելքի մշակոյթի ու պատմութեան մասին:
Իր եկամուտներուն մէկ մասը ծագումով հայ ձեւաւորողը կը նուիրաբերէ Գիւմրիի երեխաներուն:
Թալար Նինան ծնած է Լոս Անճելըսի մէջ` հայ փախստականներու ընտանիքի մէջ: Լոնտոնի մէջ ստացած է գեղարուեստական կրթութիւն, որմէ յետոյ տեղափոխուած Տուպայ: