Մի փճացնէք մեր ազգային գանձերը` գիրքերը, եթէ ընթերցող չէք, նուիրեցէք մէկու մը կամ հաստատութեան մը. Պերճ Տէր Սահակեան

Կլենտէյլի Սենթրըլ փողոցին վրայ գտնուող Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կից գտնուող շէնքին մէջ (422 S. Central Ave., Glendale) կը գործէ «Պերճ» հայկական գրախանութը, որուն սեփականատէրն է երկարամեայ տպարանատէր եւ գրախանութի տէր, շատ համակրելի  հասարակական գործիչ, ՀԲԸ Միութեան Պէյրութի Յովակիմեան-Մանուկեան  վարժարանի սան Պերճ Տէր Սահակեանը, որ ուսուցիչներ ունեցած է նախ իր հայրը՝ Աւետիս Տէր Սահակեան, տպարանի հիմնադիր եւ սեփականատէր, ապա Վահէ Վահեան, Համբարձում Գումրուեան, Օննիկ Սագիսեան եւ այլ մեծանուն կրթական մշակներ:

«Պերճ Գրատուն»ը գիրքերու հսկայ հաւաքածոյ մը ունի խանութին մէջ, բայց մանաւանդ իր պահեստարանին մէջ: Գրական, հոգեւոր, արուեստի, պատմական, հայերէնի ուսուցման, երգարաններու, խոհարարութեան գիրքեր, բառարաններ, հայկական CD-ներ եւայլն:

Գրատունը հանրածանօթ է հարսանեկան, ուրախ կամ զանազան առիթներու համար պատրաստուած ապշեցուցիչ, արուեստի հոյակապ հայկական հրաւիրատոմսեր պատրաստելով: Այս հրաւիրատոմսերէն ոչ միայն ԱՄՆ-ի նահանգներէն, այլ նաեւ ուրիշ երկիրներէ պատուէրներ կ՚ըլլան. յաճախ Ամերիկայէն դուրս «Պերճ Գրատուն» կը դիմեն այդ նրբաճաշակ հրաւիրատոմսերը ապսպրելու համար:

Տօնական մօտալուտ օրերուն առիթով, հաստատութեան մէջ կան հայկական մոթիւներով շատ պէսպիսուն իրեր եւ նուէրներ, որոնք կարելի է ոեւէ անձի նուիրել, անոնց միտքն ու հոգին ազնուացնելով: Տակաւին աւելին, որքան հաճելի պիտի ըլլայ, այս օրերուն իրարու գիրք, բառարան, երգարան, հայկական կերակուրներ պատրաստելու գիրքեր նուիրել:

«Պերճ Գրատուն»ը, ոչ միայն հայերէն եւ անգլերէն լեզուով տպուած հայկական գիրքերու կեդրոն է, այլ ան մեծ թիւով հայ մտաւորականներու հանդիպման վայր է: Մենք բազմաթիւ մտաւորականներու, գրողներու եւ արուեստագէտներու հանդիպած ենք այս կեդրոնին մէջ:

Ստորեւ, մեծագոյն հաճոյքով կը ներկայացնենք մեր հարցազրոյցը Պրն. Պերճ Տէր Սահակեանի հետ:

Խ. Ճ.

– Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս հիմնուեցաւ «Պերճ Գրատուն»ը:

Այս հարցումին կարենալ պատասխանելու համար արտօնեցէք որ բաւական ետ երթամ:

1930 թուականին հայրս Հալէպի մէջ բանաստեղծ եւ նկարիչ Բիւզանդ Թօփալեանէն, որ իր ընկերը եղած է, որոշած է Փարիզ հաստատուիլ, կը գնէ անոր տպարանը եւ կը վերանուանէ զայն «Տպարան Տէր Սահակեան», որ կը գոյատեւէ մինչեւ 1949: Այդ տարին մեր ընտանիքը կը փոխադրուի Պէյրութ: Տասնեակ մը տպարաններու կողքին «Տպարան Տէր Սահակեան» կը գործէ մինչեւ 1975, երբ ես արդէն տաս տարիէ իվեր ստանձնած էի տպարանը:

Այդ թուականի կէսերուն ծայր տուաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը. տպարանը գտնուելով քաղաքի կեդրոնական թաղամասին մէջ, կործանեցաւ: Ենթադրելով որ այս պատերազմը կրնար երկար տեւել, որոշեցի նոր գործի ձեռնարկել։ Կրկին տպարան հիմնել անհնարին էր, որովհետեւ մեծ ծախսեր կ՚ենթադրէր, այդպէս Լիբանանի Պուրճ Համուտի հայահոծ թաղամասին մէջ հաստատեցի «Պերճ Գրատուն»ը, մասնագիտացած առաւելաբար ընթերցասէր հասարակութիւնը հետաքրքրող գիրքերով, բառարաններով, գրենական պիտոյքներով եւ դաստիարակիչ խաղալիքներով:

Սակայն, դժբախտաբար, պատերազմը կ՚երկարէր եւ գաղութը սկսած էր նօսրանալ, մեր հայրենակիցները սկսած էին գաղթել Մ. Նահանգներ, Քանատա, Աւստրալիա եւ այլ երկիրներ: Մեր յաճախորդներուն մէկ մասը փոխադրուած ըլլալով Լոս Անճելըս, ես ալ 1987ին Պերճ Գրատունը հաստատեցի հոս, սկիզբը՝ Հոլիվուտ եւ ապա 1989ին Կլենտէյլ, ուր կը գործէ մինչեւ այսօր:

– Հետաքրքրական է իմանալ, թէ հայկական գրախանութները ինչպէ՞ս կը բաւարարուին եւ կը գոյատեւեն, երբ ոչ մէկ պետական կամ միութենական օժանդակութիւն կը ստանան:

 Շատ տեղին հարցում է: Երեւանէն ետք՝ այս ամենահոծ հայկական գաղութը այժմ ունի միայն 3 գրախանութ, նախապէս կային քանի մը այլ գրախանութներ եւս, որոնք փակուեցան. անոնցմէ գլխաւորը՝ «Շիրակ»ը, քանի մը տարի առաջ:

Ասոնցմէ «Սարդարապատ»ը ունի միութենական հովանաւորութիւն: «Ապրիլ»ի եւ «Շիրակ»ի կողքին կը գործէին տպարաններ, իսկ «Գրատուն Պերճ» երկար տարիներէ ի վեր մասնագիտացած է հրաւիրատոմսերու տպագրութեան վրայ, հարսանեկան, կնունքի եւ այլ առիթներու. այսպէս է որ կը գոյատեւէ:

Հոս կ՚ուզեմ փակագիծ մը բանալ եւ բաղդատական մը ընել: Վերջերս ձեռքս անցաւ 1925 թուականի «Ամերիկահայ հանրագիտական տարեգիրք»ը, ուր շատ հետաքրքրական երեւոյթ մը կը պարզուի, պարզապէս բաղդատելու համար:

Եղեռնէն ուղիղ տաս տարի ետք, 1924ին գործող հայկական գրախանութներ. Պոսթոն՝ 6, Ֆրեզնօ՝ 5, Նիւ Եորք՝ 3, Ռոտ Այլընտ՝ 4, Միշիկըն՝ 1:

Հայկական տպարաններ. Նիւ Եորք՝ 9, Պոսթոն՝ 5, Ֆրեզնօ՝ 5, Ֆիլատելֆիա՝ 3, Միշիկըն՝ 2, Ռոտ Այլընտ, Նիւ Ճըրզի՝ 1-ական:

– Եկեղեցւոյ, դպրոցի եւ մշակութային միութիւններու կարգին գրատունն ալ մշակութային դարբնոց մըն է, ուր գրողն ու գրասէրը իրար հետ շփման մէջ մտնելով, կը ծառայեն ազգապահպանման: Դուք էք որ հայերէն գիրքը հասանելի կը դարձնէք հայ ընթերցասէր հասարակութեան: Այդ ուղղութեամբ ի՞նչ է ձեր համագործակցութեան կապը վերոյիշեալ հաստատութիւններուն հետ:

Պէտք է ըսել որ գործնական կապ մը չկայ: Կարգ մը եկեղեցիներ փոքր կրպակ մը ունին, ուր Կիրակի օրերը կարգ մը կրօնական գիրքեր կը վաճառեն:

Ցաւօք սրտի, եկեղեցիները երբեմն մեր գոյութիւնը անգամ կ՚անգիտանան: Առաջնորդարաններ, գիրքեր կը հրատարակեն եւ մեզի իբր սպառման կեդրոն նկատի չեն ունենար: Գրական երեկոներ, նոր հրատարակուած գիրքերու շնորհանդէսներ, գրողներու մեծարման երեկոներ եւ այլ նմանօրինակ հանդիսութիւններ կը կազմակերպեն, որոնցմէ մենք երբեմն տեղեակ անգամ չենք ըլլար:

Դպրոցներու պարագային, հայերէնի ուսուցիչ-ուսուցչուհիները ամէն ճիգ ի գործ կը դնեն, որպէսզի քաջալերեն արտադպրոցային հայերէն ընթերցանութիւնը, սակայն աւելի գործնական ըլլալու համար պէտք է կանոնաւորուի գիրքերու հայթայթումը, նշանակելով յարմար, ժամանակակից եւ բաւարար քանակութեամբ գիրքեր, որպէսզի չդժուարանայ ծնողներուն գործը:

– Կրնա՞ք գաղափար մը տալ, թէ ընթերցասիրութիւնը այս օրերուն ի՞նչ պատկեր կը ներկայացնէ:

Ակնյայտ է որ ընթերցանութիւնը ամէն կողմ նահանջի մէջ է: Վերջին տարիներու արուեստագիտութիւնը (technology) շատ բան փոխեց, մարդիկ կապուեցան Facebook-ն, iPad-ին,  Youtube-ին եւ մէկ կողմ շպրտեցին հայերէն գիրքը. արարք մը, որ կը նպաստէ աւելի արագ այլասերման:

Թէեւ Հայաստանի մէջ վերջերս որոշ բարեփոխում մը նկատելի է: Մարդիկ կը վերադառնան գիրքին, գլխաւոր երկու պատճառներով. նախ կայ տաղանդաւոր երիտասարդ գրողներու փաղանգ մը եւ կան լաւ հրատարակչատուներ, որոնք կը քաջալերեն այս գրողները եւ կը հրատարակեն ու կը տարածեն իրենց գործերը, նաեւ կը տպեն օտար դասական եւ ժամանակակից գրողներու թարգմանութիւնները շատ ընտիր որակով: Այս է որ ընթերցողները լաւապէս կը գնահատեն:

– Հոս, ընթերցասէր հասարակութեան նախասիրութիւնը ի՞նչ է եւ ի՞նչ պատկեր կը ներկայացնէ:

Ընթերցասէր հասարակութիւնը բնականաբար կը բաժնուի երկու մասի՝ արեւելահայ եւ արեւմտահայ: Եթէ նախապէս համեմատութիւնը 50/50 էր, հիմա 70/30 է, ի նպաստ արեւելահայ ընթերցողներուն:

Ընթերցողները միջին տարիքի են եւ գիրքերու պահանջարկը առաւելաբար մանկական, գեղարուեստական, սուրբ գրային, բառարան, թարգմանչական եւայլն: Ընդհանրապէս պահանջուող հայ հեղինակներ՝ Յ. Թումանեան, Րաֆֆի, Պարոյր Սեւակ, Յովհ. Շիրազ, իսկ օտար գրողներ՝ Ալեքսանտր Տիւմա, Բալզակ, Պաուլու Կռելեու եւայլն:

 – Վերջապէս, աւելցնելիք խօսք մը ունի՞ք մեր ընթերցողներուն:

Փափաքելի պիտի ըլլար, որ մեր ժողովուրդը, որ ընթերցասէր ժողովուրդ եղած է, վերադառնայ ընթերցելու այդ ազնիւ սովորութեան եւ օրական գէթ մէկ ժամ տրամադրէ գիրք կարդալու եւ վայելէ այդ մտաւորական հաճոյքը: Իսկ վերջին խնդրանք մը՝ ԳԻՐՔ ՉԹԱՓԵԼ… Մի փճացնէք մեր ազգային գանձերը, եթէ ընթերցող չէք, նուիրեցէք մէկու մը կամ հաստատութեան մը:

Վերջերս, մենք կորուստէ փրկեցինք Լեւոն Սողոմոնեանի (Նովել) գիրքերը: Այս անունը կրնայ անծանօթ թուիլ ոմանց: Ան հեղինակ է եւ կամ մեկենաս աւելի քան 120 գիրքերու, այլազան նիւթերով՝ ինչպէս «Հայ նշանաւոր գերդաստաններ», «Երազահան», «Իմաստասիրութիւն», «Ժողովրդական բժշկութեան դեղատոմսեր», «Երեւանեան մանրապատումներ», «Յանցանք եւ պատիժ», «Բախտացոյց» եւ շատ մը այլ գիրքեր, որոնք գրուած են նոր ուղղագրութեամբ: Այս նիւթերով գիրքերը Նոր Տարուան առիթով ժողովուրդին տրամադրելի են շատ աժան գիներով, քաջալերելու համար ընթերցասիրութիւնը:

Պերճ ջան, շատ շնորհակալ եմ այս հարցազրոյցին եւ այս շահեկան խորհուրդներուն համար: Իմ սրտագին մաղթանքն ու կոչն է, որ մշակութային մեր միութիւնները յատուկ շաբաթ մը կամ՝ օր մը նշանակեն հայ գիրքի տարածման համար՝ հայ գրախանութներու մասնակցութեամբ, մանաւանդ որ այս օրերուն հայերէնախօսութեան տարածման աշխատանք կը տարուի մեր գաղութին մէջ:

Նորանոր տարեդարձներ «Պերճ Գրախանութ»ին:

Հարցազրոյցը վարեց՝

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

 

Scroll Up