Հայ Շնորհալի Երեխաները Ներկայացան Աւստրիացի Հանդիսատեսին
Վիեննայի մէջ նոյեմբեր 8-11 արդէն երկրորդ տարին անընդմէջ կայացաւ «Դասական պատանի աստղեր» խորագիրով համերգաշարը: Պատանի երաժիշտները, որոնք կը ներկայացնեն Հայաստանը, Ռուսաստանը եւ Աւստրիան, բազմաթիւ ելոյթներ ունեցած են համաշխարհային լաւագոյն համերգասրահներուն մէջ, ինչպէս օրինակ` յայտնի Նիւ-Եորքի Carnegie Hall-ը:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Աւստրիոյ հայ համայնքէն, մասնակիցներուն մեծ մասը կը կազմեն «Նոր անուններ» հիմնադրամի կրթաթոշակային ծրագիրի մասնակիցները (Ռուսաստանի մէջ հիմնադրամը կը գործէ Ռուսաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Տմիթրի Մացուեւի հովանիի ներքոյ, իսկ Հայաստանի մէջ` ՀՀ առաջին տիկին Ռիտա Սարգսեանի):
Համերգաշարի բացման արարողութիւնը կայացած է նոյեմբեր 8-ին` Վիեննայի Ռուսաստանի մշակոյթի եւ գիտութեան կեդրոնին մէջ: Նոյեմբեր 9-ին` Աւստրիոյ մէջ ՌԴ դեսպանութեան հանդիսութիւններու սրահին մէջ` աւստրիացի քաղաքական գործիչներու, դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներու ներկայութեամբ կայացած է համերգային ծրագիր, որուն ընթացքին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Աւստրիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Արման Կիրակոսեան: Վերջինս յաջողութիւն մաղթեց հայ, ռուս եւ աւստրիացի տաղանդաշատ պատանիներուն եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Ռուսաստանին` ի դէմս Աւստրիոյ մէջ ՌԴ դեսպան Տմիթրի Լիւբինսկիի, տուեալ նախագիծը իրականացնելու հարցով ցուցաբերած համագործակցութեան եւ երաժշտական երեկոն հիւրընկալելու համար:
Նոյեմբեր 10-ին Վիեննայի Հաբսբուրգներու թագաւորական պալատի Հոֆպուրգի մատուռին մէջ կայացաւ պատանի երաժիշտներու կալա-համերգը, որուն մասնակցեցան մեծ թիւով քաղաքական եւ հասարակական գործիչներ, դիւանագէտներ, հայ եւ ռուս համայնքներու ներկայացուցիչներ:
««Դասական պատանի աստղեր» համերգաշարի ֆէյսպուքեան խումբը արդէն հաւաքած է աւելի քան 10. 000 հետեւորդ, իսկ երաժիշտներէն քանի մը հոգի Վիեննայի համերգներէն յետոյ ստացած են գործնական առաջարկներ ելոյթներ ունենալու տարբեր երկիրներու մէջ»,- կը յայտնէ համերգներու մշակութային գիծով ղեկավար Կարինէ Յարութիւնեան:
«Մեր երեխաները կարիք ունին հոգատար վերաբերմունքի, անոնց առջեւ մենք պէտք է բոլոր դռները բանանք: Մենք կը հպարտանանք անոնցմով եւ կը հպարտանանք անոնց յաջողութուններուն համար: Իսկ ամենագլխաւորը` անոնք պէտք է շրջագայեն, քանի որ իրենց անկեղծութեան եւ տաղանդին շնորհիւ անոնք կը դառնան մեր մշակոյթի, մեր հասարակութեան լաւագոյն ներկայացուցիչները»,-ընդգծած է Աւստրիոյ մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արման Կիրակոսեան:
Համերգաշարի ընթացքին Վիեննայի մշակութային խստապահանջ լսարանը ծանօթացած է հայ ժողովրդական եւ հոգեւոր երաժշտութեան, մեր ժողովրդական գործիքներուն, ունկնդրած Մոցարտի, Ռախմանինովի, Կոմիտասի, Չայկովսկիի եւ այլ դասականներու ստեղծագործութիւններ` շնորհալի երեխաներու ներկայացմամբ:
Նոյեմբեր 10-ին Վիեննայի սրտին մէջ` Wiener Hofmusikkapelle-ի մէջ տեղի ունեցաւ «Դասական պատանի աստղեր» կալա համերգը:
Համերգաշարի կազմակերպիչը MUSE մշակութային միաւորումն է, որուն աջակցած են GAZPROM NEFT TRADING GmbH, ՃBB, Աւստրիոյ մէջ ՌԴ եւ ՀՀ դեսպանութիւնները, համերգաշարի մշակութային գիծով ղեկավար Կարինէ Յարութիւնեան:
«Դասական պատանի աստղեր» խորագիրով համերգաշարը առաջին անգամ Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած է 2016 թուականի մայիսին: Կալա-համերգին ներկայ էին դիւանագէտներ, մշակոյթի գործիչեր: Ինչպէս նշած է Աւստրիոյ մէջ ՌԴ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տմիթրի Լիւբինսկին, համերգներուն Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Աւստրիոյ պատանի երաժիշներու մասնակցութիւնը վառ ապացոյց է` միջազգային մշակոյթի ոլորտին մէջ արդիւնաւէտ համագորգակցութեան, որ կարեւոր նշանակութիւն ունի յետագայ զարգացման եւ մեր երկիրներու միջեւ մշակութային երկխօսութեան ընդլայնման ու խորացման գործին մէջ: