Մշակոյթի Օրուան Տօնակատարութիւն Սահակ-Մեսրոպ Վարժարանին Մէջ

ՍՈՆԱ ՊԱՏԱԼԵԱՆ

«Ասպարէզ»-Հոկտեմբեր 24ի առաւօտուն ակնյայտ էր մեծաթիւ ծնողներու եւ հարազատներու ներկայութիւնը Սահակ-Մեսրոպ Հայ Քրիստոնեայ վարժարանէն ներս:  Նախամանկապարտէզի փոքրիկները իրենց ուսուցիչներու առաջնորդութեամբ կատարեցին խմբերգներ եւ արտասանութիւններ: Ներկաները ուրախութեամբ եւ հաճոյքով ըմբոշխնեցին գեղարուեստական յայտագիրը իրենց զաւակներու մանկական շրթներէն:

Նոյն օրուան յետմիջօրէին, դպրոցի սրահը լեցուն էր նախակրթարանի եւ միջնակարգի ծնողներով, որոնք յատկապէս եկած էին ոգեկոչելու Մշակոյթի օրը՝ իրենց զաւակներուն մասնակցութեամբ, համոզուած ըլլալով, որ հայ գիրերու գիւտին միջոցաւ հայ լեզուն պահպանուած է դարեր շարունակ:

Բացման խօսքը կատարեց տնօրէնուհի Մարալ Պոյաճեան՝ յիշելով, որ մշակոյթը կարեւոր է, իսկ անոր նուիրուած այս տօնը պատմական օրերէն մէկն է, զոր կը նշենք նաեւ Սահակ-Մեսրոպ վարժարանին մէջ, պահպանելով մեր ազգն ու կրօնքը:

Մանկապարտէզի, նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտները, իրենց կարգին, պատշաճ յայտագիրով հանդէս եկան խմբային արտասանութիւններով, խմբերգներով, հայրենասիրական ոճով եւ եռանդով:

Անհատական մասնակցութիւններ ունեցան միջնակարգի աշակերտներէն ոմանք՝ ներկայացնելով Մեսրոպ-Մաշտոցի, Կոմիտաս Վարդապետի, Անանիա Շիրակացիի եւ Յովհաննէս Այվազովսկիի մասին:

7րդ կարգի աշակերտները թատերական ներկայացում մը կատարեցին՝ ուսուցչուհի Մարիա Առաքելեանի առաջնորդութեամբ, իսկ 8րդ դասարանի աշակերտները ելոյթ ունեցան ձեռնազանգակներով, աշակերտական զրոյցով եւ հայկական պարով: Երաժշտական բաժինը առաջնորդուեցաւ տէր եւ տիկին Արտաշէս եւ Ժաննա Սինանեաններու կողմէ:

Վարձքը կատար հայերէնի եւ երաժշտութեան դասատուներուն, որոնք անսակարկ նուիրումով կ՛աշխատին՝ բարձր վերելքներու հասցնելով Սահակ-Մեսրոպ վարժարանի աշակերտները, բարոյական եւ ուսումնական գետնի վրայ:

Փակման խօսքը կատարեց ուսուցչուհի Սոնա Պատալեան, որ գոհունակութիւն եւ հրճուանք յայտնեց այս գեղեցիկ օրուան համար՝ քաջալերելով եւ շնորհաւորելով փոքրիկներու արտասանական, երաժշտական, թատերական, պարային տաղանդները եւ նշելով, որ աշակերտերը իրենց լաւագոյնը ներկայացուցին մեծ ինքնավստահութեամբ:

Ծնողներ, լիցքաւորուած օրուան յայտագիրէն ու տոգորուած հայկական ոգիով, խրախուսուած վերադարձան՝ իրենց զաւակները վստահելով Սահակ-Մեսրոպ վարժարանին, միաժամանակ նորանոր յաջողութիւններ ցանկալով անոր առաքելութեան՝ կրօնական եւ ազգային գետնի վրայ:

Scroll Up