Երգչուհի Սիպիլ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարան Կ՛այցելէ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/10/սիբիլ.jpg)
«Ասպարէզ»- Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 19ի կէսօրին ընդունեց այցելութիւնը պոլսահայ ծանօթ երգչուհի Սիպիլի, ընկերակցութեամբ՝ Համազգայինի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան անդամներ Լիւսի Չուխաճեանի եւ Վանիա Պապիկեանի. վերջինը նաեւ անդամ է Ազգ. առաջնորդարանի տիկնանց օժանդակ մարմինին։ Նշենք, որ անուանի արուեստագիտուհին Լոս Անճելըս հրաւիրուած է Համազգայինի եւ Պոլսահայ միութեան կողմէ, երգահանդէսի մը համար։ Հանդիպումին ներկայ եղաւ նաեւ առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ Ծ. վրդ. Տօնոյեան։
Սրբազանը ողջունեց արուեստագիտուհիին ներկայութիւնը, գնահատեց հայկական երգարուեստին մէջ անոր կերտած վաստակն ու ընդհանրապէս նորահաս սերունդին մէջ հայ երգի տարածման նպատակով անոր ունեցած դերակատարութիւնը։ Հանդիպումը առիթ եղաւ նաեւ որոշ ծանօթութիւններ հաղորդելու առաջնորդարանի գործունէութեան տարբեր մարզերուն մասին, որոնք կ՛ընդգրկեն մեր ժողովուրդին քրիստոնէական ու ազգային կարիքներու մատակարարումը։ Հիւր արուեստագիտուհին, իր կարգին, խօսեցաւ իր աշխատանքներուն ու ապագայի ծրագիրներուն մասին, որոնց համար առաջնորդը յաջողութիւն մաղթեց երգչուհիին։