Տիմիթրի Մետվետեւի Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը Ժամանեց Երեւան

Ռուսիոյ վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւի օդանաւը վայրէջք կատարեց Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայան:

Մետվետեւը դիմաւորուեցաւ ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի կողմէ:

Դիմաւորման պաշտօնական արարողութենէն ետք Ռուսիոյ Դաշնութեան կառավարութեան ղեկավարը ուղեւորուեցաւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր` յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

Այնուհետեւ ՀՀ կառավարութեան մէջ պիտի կայանայ երկու երկիրներու վարչապետներուն հանդիպումը, որմէ ետք կը նախատեսուի միջկառավարական, միչգերատեսչական եւ միջտարածաշրջանային համագործակցութեան առնչուող փաստաթուղթերու ստորագրում:

Հայաստան պաշտօնական այցի ընթացքին կը նախատեսուի նաեւ ՌԴ վարչապետին հանդիպումը ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ:

Յայտնի է, որ Հոկտեմբեր 25-ին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Եւրասիական միջակառավարական խորհուրդի նիստը:

Scroll Up