Խնձորեսկի ՄԷջ funicular (Ճոպանուղի) Պիտի Կառուցուի

Խնձորեսկ գիւղին մէջ funicular (ճոպանաքարշով ուղի) պիտի կառուցուի:  funicular-ի կառուցման սկզբնական փուլին ներդրումները կը կազմեն 6.100.000 տոլար:

ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեանի ներկայութեամբ, «Հայհիդրոէներգանախագիծ» հիմնարկի եւ «Տոփփելմէյր Գարաւենթա խումբի (Doppelmayr Garaventa Group) վերազգային ընկերութեան անդամ «Գարաւենթա ԱԳ» (Garaventa AG) զուիցերական ընկերութեան միջեւ պայմանագիր  ստորագրուած է:

Այս նպատակով հոկտեմբեր 6-8 Հայաստան կ’այցելէին «Գարաւենթա ԱԳ» ընկերութեան առեւտուրի եւ վաճառքներու մասով նախագահ Ֆիլիփ Պիները եւ վաճառքներու գիծով տնօրէն Թոմաս Գուրտը:

Պայամանագիրով կը նախատեսուի Խնձորեսկ գիւղին մէջ, «Հին Խնձորեսկ» պատմամշակութային արգելոցի ծրագիրի զարգացման ծիրէն ներս, «Հայ հիդրոէներգանախագիծ» հիմնարկին  կողմէ  ճոպանուղիի կառուցում:

ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեան կարեւոր համարած է պայմանագիրի ստորագրումը եւ ծրագիրի իրականացումը Սիւնիքի զբօսաշրջային ենթակառուցուածքներու զարգացման եւ գրաւչութեան բարձրացման ծիրին մէջ, կ’ըսուի նախարարութեան մամլոյ ասուլիսին մէջ:

Funicular-ը ճոպանաքարշով ուղի է, որ նախատեսուած է կտրուկ վերելքով ուղեւորներու եւ բեռներու փոխադրման համար: Կը կիրառուի քաղաքներու մէջ, առողջարանային կեդրոններու, ինչպէս նաեւ լեռնային շրջաններու, արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններու մէջ: funicular-ը կրնայ ըլլալ մէկ կամ երկու կառքով (առաւել տարածուած): Ռելսուղին միալար է, մէջտեղը` ուղեբաժանքով:

 

Scroll Up