Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց Վարժարանին ՄԷջ Հնչեցին Հոգեւոր, Ժողովրդական Եւ Ազգային Երգեր

«Հայերն այսօր»-ի տեղեկացմամբ հոկտեմբեր 7-ին, Երուսաղէմի Հայ Պատրիարք Ամենպատիւ Տէր Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեանի հովանաւորութեամբ Ժառանգաւորաց վարժարանի հանդիսութիւններու սրահին մէջ տեղի ունեցած է Կիպրոսի «Ս. Աստուածածին» երգչախումբի համերգը:

Հնչած են հոգեւոր, ժողովրդական եւ ազգային երգեր:
Համերգն աւարտած է Կիպրոսի Հայ եկեղեցւոյ առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Խորէն արքեպիսկոպոս Տողրամաճեանի փակման եւ օրհնութեան խօսքով:

Այնուհետեւ, հոկտեմբեր 8-ին, Երուսաղէմի Հայ պատրիարք Ամենապատիւ Տէր Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեանի հովանաւորութեամբ Ժառանգաւորաց վարժարանի հանդիսութիւններու սրահին մէջ կայացած է «Հայաստանի փոքրիկ երգիչներ» խումբի համերգը` մայեսթրօ Տիգրան Հեքեքեանի ղեկավարութեամբ:
Երգչախումբը նոյնպէս կատարած է հոգեւոր, ժողովրդական եւ ազգային երգեր:
Համերգի աւարտին փակման եւ օրհնութեան խօսքով հանդէս  եկած է Հոգեշնորհ Տէր Էմմանուէլ վարդապետ Աթաճանեան:

 

 

 

 

 

 

Scroll Up