Փարիզի Մէջ Բացուած Ցուցահանդէսին Կը Ներկայացուի Հայկական Ձեռագիրներ Եւ Խորանի Վարագոյր

Սեպտեմբեր 25-ին Փարիզի Insitut du Monde Arabe թանգարանին մէջ բացուած է «Քրիստոնէութեան ծնունդը Միջին Արեւելքի մէջ» խորագիրով ցուցահանդէսը: Բացման արարողութեան ներկայ եղած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնն ու Լիբանանի նախագահ Միշել Աունը:

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի դիւանապետ Յովնան Պաղտասարեան ֆէյսպուքեան իր էջին մէջ գրած է, որ ցուցահանդէսին ներկայացնելու համար Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանը ուղարկած է 14-րդ դարու երկու ձեռագիր եւ 1798 թուականի խորանի վարագոյր մը:

Ցուցահանդէսին անդրադարձ կայ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան` նկարներու միջոցով ներկայացնելով հայերու հաստատումը Սուրիոյ եւ Եգիպտոսի մէջ:

Լուսանկարները՝ Հ. Պաղտասարեանի ֆէյսպուքեան էջէն:

Scroll Up