Մոսկուայի ՄԷջ Ստեղծուած Է Հայաստանի Հանրապետութեան Եւ Մայիսեան Հերոսամարտերու 100–ամեակի Ձեռնարկները Համակարգող Յանձնաժողով
«Հայաստան. հայեացք դէպի ապագան» Մոսկուայի հայկական քաղաքագիտական ժողովը, որ ԴԻԱԼՈԳ կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ սեպտեմբեր 7–ին «Փրեզիտընթ-հոթել»-ին մէջ, անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ մայիսեան հերոսամարտերու յառաջիկայ 100–ամեայ յոբելեանին:
Հաշուի առնելով հայկական պետականութեան վերականգնման եւ ատոր շարունակականութեան ապահովման հարցով Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան նշանակութիւնը, ժողովի մասնակիցները հիմնադրեցին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ մայիսեան հերոսամարտերու 100–ամեակի ձեռնարկները համակարգող մոսկովեան յանձնաժողով:
Ֆորումը նաեւ ընտրեց Յանձնաժողովի հետեւեալ համանախագահները. քաղաքագէտ Անտրէ Արեշեւ, իրաւագիտութեան դոկտոր, ՌԴ Դաշնային Խորհուրդի անդամ Ռաֆայիլ Զինուրով, տնտեսագիտութեան դոկտոր, փրոֆէսոր, ՌԴ նախագահին կից Ժողովրդական տնտեսութեան եւ պետական կառավարման ակադեմիոյ Ընկերակցական կառավարման բաժանմունքի տնօրէն, ՌԴ վաստակաւոր տնտեսագէտ Սերգէյ Կալենջեան, իրաւագիտութեան դոկտոր, Մոսկուայի «Բարշեւսկի եւ գործընկերներ» փաստաբանական միութեան նախագահ Սամուէլ Կարախանեան, ԴԻԱԼՈԳ կազմակերպութեան նախագահ Եուրի Նաւոյեան, Ռուսաստանի հայերու միութեան Մոսկուայի բաժանմունքի ղեկավար Շահէն Պետրոսեան եւ զօրավար Նորատ Տէր-Գրիգորեանց:
Յանձնաժողովը կը նախատեսէ կազմակերպել, համակարգել եւ իրականացնել հայոց պատմութեան յիշարժան էջերուն նուիրուած հասարակական նշանակալի ձեռնարկներ (սեմինարներ, կլոր սեղաններ, գիտաժողովներ, ցուցահանդէսներ, ֆիլմերու ցուցադրութիւններ, գիտական գրականութեան եւ յօդուածներու հրատարակումներ եւ այլն):