Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մեկնեցաւ Մոսկուա

Սեպտեմբեր 7-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երկօրեայ այցով մեկնեցաւ Մոսկուա (Ռուսաստանի Դաշնութիւն), ուր կը մասնակցի տարածաշրջանի հոգեւոր առաջնորդներու եռակողմ հանդիպման: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգէն:

Նորին Սրբութեան կ´ուղեկցին Մայր Աթոռի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժինի տնօրէն Գերաշնորհ Տ. Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեան, Մայր Աթոռի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժինի տնօրէն Հոգեշնորհ Տ. Շահէ ծայրագոյն վարդապետ Անանեան, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամ Գէորգ Դանիէլեան, գաւազանակիր Հոգեշնորհ Տ. Աղան աբեղայ Երնջակեան եւ Մայր Աթոռի Տեղեկատուական համակարգի տնօրէն Արժանապատիւ Տ. Վահրամ քահանայ Մելիքեան:

Scroll Up